«Ազատութիւն» կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը յայտնած է․ «Յոյսով եմ, որ այս տարի մենք կը ստորագրենք խաղաղութեան պայմանագրութիւնը»:
«Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման տեսանկիւնէն, ամէն բան կախեալ է անկէ, թէ ե՛րբ կը փոխուի Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջը վերացնելու համար, որ այդ փաստաթուղթին մէջ է երեք տասնամեակէ ի վեր։ Եթէ ատիկա իրականանայ, յաջորդ օրը պաշտօնապէս կը ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Սակայն, մինչ այդ, միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի երթուղին նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ նոր կապի, կապերու ստեղծման համար։ Ինչպէս ըսի, Չինաստանէն, Կեդրոնական Ասիայէն, Անդրկասպեան աւազանէն, Ատրպէյճանէն, Հայաստանէն, Ատրպէյճանի Նախիջեւանէն, Թուրքիայէն եւ աւելի վար՝ դէպի Եւրոպա, փոխադրութեան երթուղին կը ստեղծէ բացարձակապէս նոր իրավիճակ: Սա օգտակար կը դառնայ բոլոր երկիրներուն համար։ Ճանապարհին վրայ գտնուող բոլոր երկիրները քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս աւելի համարկուած կը դառնան», ըսած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի նախագահին խօսքով՝ Հայաստանի Սահմանադրութենէն Անկախութեան հռչակագիրը հանելը խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման միակ մնացած նախապայմանն է։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խնդրայարոյց կը համարէ թէ՛ Սահմանադրութիւնը, թէ՛ Անկախութեան հռչակագիրը: Մայր օրէնքը, ըստ վարչապետի, օրինական չէ, մարդիկ զայն «ատելի» կը համարեն, իսկ Անկախութեան հռչակագիրը խնդրայարոյց է, հակապետական: Նոր Սահմանադրութեան ընդունմամբ, ըստ իշխանութեան, կը լուծուի անոր օրինականութեան հարցը: Հայաստանի իշխանութիւնները, սակայն, նոր Սահմանադրութեան ընդունումը եւ Անկախութեան հռչակագրէն հրաժարելու հաւանական որոշումը Ատրպէյճանի պահանջը չեն համարեր: