Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) Ուրբաթ օր յայտարարեց Սուրիոյ հիւսիսարեւելքէն Իրաք «ՏԱՀԷՇ»-ի ահաբեկիչներու տեղափոխման առաքելութեան աւարտը՝ մէկ օր առաջ գիշերային թռիչքով հսկելով տեղափոխման աշխատանքը՝ կալանաւորուած գերիներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։

Հրամանատարութիւնը իր X հարթակի էջին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսաւ որ. «Փոխադրման առաքելութիւնը սկսաւ 21 Յունուարին, տեւեց 23 օր, որուն հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու ուժերուն կողմէ «ՏԱՀԷՇ»-ի շուրջ 5700 չափահաս գերիներ Սուրիոյ բանտերէն տեղափոխուեցան Իրաքի իշխանութիւններու տրամադրած բանտեր»։