«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի բանբերը յայտնած է, թէ Ճէյ․ Տի․ Վենս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումին քննարկած է Պաքուի մէջ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցը:
«Նախագահ Ալիեւն ու փոխնախագահ Վանսը քննարկած են նախագահ Թրամփի` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախաձեռնութեան յառաջիկայ քայլերը:
«Անոնք կեդրոնացած են առեւտուրի եւ բարգաւաճման, ճարտարագիտութիւններու եւ դիւանագիտական կապերու վրայ, նաեւ խօսած են յառաջիկայ քայլերուն մասին, ներառեալ Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղիին (ԹՐԻՓՓ) համար պայմանագրերու կնքումը եւ արտօնութիւնները, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման հետեւեալ քայլերը՝ բանտարկեալներու ազատ արձակումը, ամերիկեան ներդրումները եւ շրջանային տնտեսական համարկումը», յայտնած է Վենսի բանբերը:
Ամերիկեան կողմը, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ ատրպէյճանական կողմէն ի՛նչ արձագանգ եղած է, եւ արդեօք կա՞ն այս հարցով համաձայնութիւններ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը Երեւանէն թռիչք առնելէն առաջ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ խոստացած էր Պաքուի մէջ արծարծել հայ գերիներու հարցը: