Միւնիխի Ապահովութեան Խորհրդաժողովի աշխատանքներու շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Շայպանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքո Ռոպիոյի հետ։

Ուրբաթ օր տեղի ունեցած հանդիպումին, կողմերը քննարկեցին տեղական եւ տարածաշրջանային գլխաւոր զարգացումները, անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ միասնութեան, ինքնիշխանութեան եւ խաղաղութեան կարեւորութեան։
Ռոպիո յայտնեց, որ ԱՄՆ զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ կառավարութեան, Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու սուրիական բանակին մէջ համարկման, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ դնելու պետութեան ճիգերուն։

Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։