Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հեռաձայնային երկար զրոյց ունեցաւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին Սուրիոյ անցումային փուլի զարգացումները, ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ջանքերը, ինչպէս նաեւ երկկողմ գործակցութեան հեռանկարները՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութեան նպաստելու հեռանկարով։
Սուրիոյ նախագահը հաստատեց Սուրիոյ լիակատար յանձնառութիւնը՝ երկիր տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ պետութեան ձգտումը՝ պահպանելու իր հաստատութիւնները եւ խթանելու քաղաքացիական խաղաղութիւնը՝ ընդգծելով միջազգային ջանքերու միաւորման կարեւորութիւնը՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, այդ կարգին՝ «ՏԱՀԵՇ»-ի վերադարձը կանխելու համար։

Իր հերթին, նախագահ Թրամփ իր երկրի աջակցութիւնը յայտնեց սուրիացի ժողովուրդի միասնական եւ ուժեղ պետութիւն կառուցելու ձգտումներուն եւ ողջունեց քիւրտերու հետ զինադադարի համաձայնագիրը՝ զայն համարելով հակամարտութեան աւարտին հասնելու կարեւոր քայլ։ Թրամփ բարձր գնահատեց նաեւ ռազմական ուժերու, այդ կարգին նաեւ՝ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու (ՔԱՍԱՏ)՝ պաշտօնական պետական կառոյցներու մէջ համարկման առնչուող համաձայնութիւնները։

Տնտեսական գետնի վրայ ԱՄՆ նախագահ Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու Սուրիոյ վերականգնումի ջանքերուն՝ խրախուսելով ներդրումները եւ ստեղծելով գրաւիչ միջավայր դրամագլուխներու Սուրիա ուղղելու համար, ընդգծելով, որ Սուրիոյ տնտեսական կայունութիւնը Միջին Արեւելքի կայունութեան անկիւնաքարն է։