ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան մրցումներուն, Հոմսի մէջ Ֆիտաա խումբը 81-65 արդիւնքով պարտութեան
մատնեց դրացի Քարամէն, իսկ Դամասկոսի մէջ Ճէյշի տղաքը 77-73 արդիւնքով յաղթեցին Սաուրային: Յաջորդ փուլին, Քա-րամէն Դամասկոսի մէջ 93-84 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Սաուրան: Աւելցնենք, որ մինչ օրս Հալէպի խումբերու մրցումները դադրած են՝ անցեալ շաբթուան ընթացքին քաղաքին մէջ տիրող պայմաններուն բերումով, եւ Պասքեթի Դաշնութիւնը պիտի հրապարակէ խաղաժամու նոր ժամանակացոյցը:
– Դամասկոսի Ուահտէ ակումբի պասքեթի խումբի եգիպտացի մարզիչ Ուաէլ Պատըր իր հրաժարականը ներկայացուց վարչութեան: Պատասխանատուները անմիջապէս խումբի նոր մարզիչ նշանակեցին զուիցերիացի մասնագէտ Փիթըր Ալեքսիսը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍԵՆԵԿԱԼ ԱՓՐԻԿԷԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Մարոքի մէջ տեղի ունեցած Ափրիկէի երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանական մրցումներու եզրափակիչ հանդիպումին, Սենեկալի հաւաքականը 1 – 0 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել հիւրընկալ Մարոքը եւ ձեռք ձգել ախոյեանութեան բաժակը: Երկրորդ կիսախաղի աւելցուած ժամանակաշրջանին, Մարոքի հաւաքականը հնարաւորութիւն ունէր նշանակելու յաղթանակի կոլը, սակայն Իպրահիմ
Տիազ ձախողութեամբ կատարեց տուգանային հարուածը եւ հաւաքականը զրկեց այդ առիթէն, որմէ երկու վայրկեան ետք, սենեկալցի խաղացող Փէյբ Կէյ նշանակեց յաղթանակի կոլը եւ բաժակը շնորհեց Սենեկալին: Նշենք որ ասիկա երկրորդ անգամն է որ Սենեկալ կը տիրանայ Ափրիկէի ախոյեանութեան. Նախապէս ան արժանացած է անոր՝ 2021 թուականին:
Տիազ ձախողութեամբ կատարեց տուգանային հարուածը եւ հաւաքականը զրկեց այդ առիթէն, որմէ երկու վայրկեան ետք, սենեկալցի խաղացող Փէյբ Կէյ նշանակեց յաղթանակի կոլը եւ բաժակը շնորհեց Սենեկալին: Նշենք որ ասիկա երկրորդ անգամն է որ Սենեկալ կը տիրանայ Ափրիկէի ախոյեանութեան. Նախապէս ան արժանացած է անոր՝ 2021 թուականին:ՌԷԱԼԻ ԵՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԻՋԵՒ
ՄԷԿ ԿԷՏ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄՆԱՑ
Սպանիոյ առաջնութեան 20-րդ փուլի մրցումներուն, մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիվանտին: Հանդիպումի կոլերու հեղինակները դարձան ֆրանսացի Քիլիըն Մպափէն տուգանային հարուածով եւ Ռաուլ Ըսենշընը՝ 58-րդ եւ 65-րդ վայրկեաններուն: Արքայական խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնով Ալոնսոն փոխարինած Ալվարո Արպելուան Լա Լիկայի մրցումներու նորամուտը նշեց յաղթանակով։ Մրցումի ընթացքին, դաշտէն ներս գտնուող ժողովուրդը սուլելով իր դժգոհանքը յայտնեց կազմի արձանագրած արդիւնքներուն գծով, ինչպէս նաեւ պահանջեց Փերէզի հրաժարականը: Աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւող Պարսելոնան 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ռէալ Սոսիետատէն: Նշենք որ Պարսելոնան 49-կէտով մնաց առաջին դիրքի վրայ, իրեն յաջորդեց Ռէալ Մատրիտը՝ 48 կէտով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան
