ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ
ՄԱՇԿԸ ՁՄՌԱՆ ՑՈՒՐՏԷՆ
Եղանակի փոփոխութեան հետ, միայն մեր զգեստներու պահարանն ու տրամադրութիւնը չեն փոխուիր, այլեւ մաշկին վիճակը՝ ինչ տեսակի ալ ըլլայ ան:
Ձմռան ցուրտին, ճարպագեղձերը աւելի նուազ ենթամաշկային ճարպ կ’արտադրեն, ահա թէ ինչո՛ւ մաշկը կը սկսի ճաքճքիլ, կարմրիլ եւ տհաճ զգացողութիւն յառաջացնել:
Եղանակի փոփոխութեան արտաքին գործօններուն կողքին, մաշկին վրայ կ’ազդեն մարմինի ներքին վերակազմաւորման ազդակները, հետեւաբար մաշկի նիւթափոխանակումը կը փոխուի՝ հորմոնային տատանումներուն հետեւանքով:
Այս փոփոխութիւնները կարելի չէ անտեսել, ուստի ձմռան պէտք է վերատեսութեան ենթարկել ամէնօրեայ խնամքի պարագաները:
Ինչպէ՞ս խնամել մաշկը ձմռան օրերուն
Պաշտպանեցէ՛ք ձեր մաշկը ջուրի հետ գործ ունենալու պարագային։
Փորձեցէ՛ք լոգանքէն առաջ գործածել մաքրող իւղոտ քսուկներ եւ ձգել զայն դէմքին վրայ լոգանքի ընթացքին, որպէսզի պահպանուի մաշկին խոնաւութիւնը։
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք աչքերու շուրջի հատուածին եւ շրթներու խնամքին։
Աչքերու շուրջի հատուածին համար օգտագործեցէ՛ք յատուկ թանձրուկներ եւ իւղեր, որոնք կը հանգստացնեն ու կը պաշտպանեն մաշկը: Տեւաբար գործածեցէ՛ք շրթները խոնաւ պահող իւղեր:
Խուսափեցէ՛ք ալքոլ պարունակող քսուկներէն:
Օգտագործեցէ՛ք իւղային քսուկներ: Եթէ ձեր մաշկը շատ չոր է, օգտագործեցէ՛ք C կենսանիւթ պարունակող թանձրուկ, որ կը նպաստէ քոլաժենի արտադրութեան եւ բջիջներու վերարտադրման: Օգտագործեցէ՛ք խնամքի այնպիսի պարագաներ, որոնք կը պարունակեն խոնաւ պահող բաղադրիչներ. վարդի ջուր, ալովերա, ձիթաիւղ եւ այլն:
Շաբաթը երեք անգամ մեղրով դիմակ օգտագործեցէ՛ք, երեկոյեան դիմայարդարումը մաքրելէն վերջ։ Մեղրը բնական խոնաւցնող միջոց է: Անիկա ձեր մաշկին առողջ փայլք հաղորդելու բնական լաւագոյն միջոցն է:
Ձմռան արեւէն պաշտպանող քսուկները զանց մի՛ առնէք: Ցուրտը յաճախ կ’ուղեկցի արեւին, որուն անդրմանիշակագոյն ճառագայթները չեն կորսնցներ իրենց ազդեցութիւնը:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ
ՄԱԶԵՐԸ ՁՄՌԱՆ ՑՈՒՐՏԷՆ
Տարուան ցուրտ եղանակներուն պաշտպանուելու համար մարդիկ յաճախ գլխարկ կը կրեն, սակայն այս սովորութիւնը բացասական անդրադարձ կ’ունենայ մազերուն վրայ։
Անհրաժեշտ է մազերը խնամել քսուկներով, յատուկ շամփուներով կամ բնական նիւթեր քսելով անոր վրայ։ Այսպէս օրինակ.
Հաւկիթ
Մազերը սնուցանելու ու անոնց արմատները ամրապնդելու համար կարելի է նաեւ հաւկիթ օգտագործել։ Կարելի է մէկ հաւկիթին աւելցնել քիչ մը մածուն, խառնել, ապա զանգուածը քսել մազերուն։ Ձգել քսուկը մէկ ժամ, որմէ ետք լուալ շամփույով։
Ալովերա
Մազերու համար շատ օգտակար է ալովերայի ժելը։ Այդ ժելին քիչ մը հնդկընկոյզի իւղ աւելցնել, լաւ մը խառնել ու քսել մազերուն։ Քսուկը ձգել կէս ժամ, ապա մազերը լուալ շամփույով։ Ալովերայի ժելը ոչ միայն կ’ամրապնդէ մազերը, այլեւ կը սնուցանէ զանոնք ու
կը դարձնէ նուրբ ու փայլուն։
Սոխ
Սոխը բնական շատ լաւ միջոց է ձմռան մազաթափութեան առաջքը առնելու համար։ Հարկ է սոխը քերիչէ անցընել, քամել հիւթը եւ քսել մազի արմատներուն։ Մէկ ժամ ձգել, ապա լուալ գաղջ ջուրով։ Այս գործողութիւնը կարելի է կրկնել շաբաթը երեք անգամ։