ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ
———————
«Հարիւրամեակ Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան եւ Նոյնանուն Երկրորդական Վարժարանին» (Հատոր առաջին, 1910-1940) գիրքին հեղինակներն են Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններ (Լոս Անճելոս-Քալիֆորնիա): Գիրքը հրատարակուած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով: Տպուած է Անթիլիաս, 2018-ին, մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկ. Սեպուհ եւ Սիլվա Մանճիկեաններու: Կը բաղկանայ 196 էջէ եւ ունի 34 ենթավերնագիր:
Գիրքին սկիզբը կը գտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը եւ հայրական ջերմ օրհնութեան խօսքը նուիրուած՝ մեկենասներուն: Ինչպէս նաեւ՝ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան խօսքերը, հեղինակին՝ Յակոբ Կ. Մանճիկեանին կենսագրական գիծերը եւ անոր կողմէ ուղղուած շնորհակալագիր մը բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձած են հատորի հրատարակութեան:
Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ այս գիրքի հրատարակութեան նպատակը, որ Ուսումնասիրաց Ընկերութեան պատմութիւնը չէ, այլ՝ կրթական հաստատութեան հարիւրամեակի գրաւոր արձանագրութիւնը:
Հատորին մէջ ամփոփուած են հետեւեալ նիւթերն ու իրադարձութիւնները.
«Ուսումնասիրաց Ընկերութեան ծնունդ տուող պատճառներն ու անոր նպատակները» ենթագլուխին տակ կը յիշուի, որ 20-րդ դարու սկիզբը Քեսապի մէջ դասաւանդութիւնները տեղի կ’ունենային թրքերէն եւ անգլերէն, որովհետեւ փոխան հայերէնի պաշտօնական լեզուն թրքերէնն (օսմաներէն) էր, իսկ գիտութեան դասերը կ’աւանդուէին անգլերէն լեզուով:
Քեսապի հայկական դիմագիծն ու քեսապցիի ազգային ինքնութիւնը պահելու համար, 20-րդ դարու սկիզբը Քեսապի գիտակից երիտասարդութեան շնորհիւ ծնունդ կ’առնէ Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը: «Այս ընկերակցութեան նպատակն էր Ազգային, ոչ-յարանուանական, ոչ-կուսակցական, բարձրագոյն վարժարան մը հիմնել եւ եթէ կարելի ըլլայ բարձրացնել յիշեալ հաստատութիւնը գոլէճի մը մակարդակին»: (էջ 37)
Հեղինակը ընդարձակ ձեւով անդրադարձած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան հիմնադիրներուն (իրենց կենսագրականներով եւ լուսանկարներով), որոնք ժողովրդային տարբեր խաւերու եւ յարանուանութիւններու պատկանող երիտասարդներ էին:
«Կազմակերպական Նախաքայլեր» բաժինին մէջ, արձանագրուած է Ուսումնասիրացի հիմնադիրներու առաջնահերթ գործը՝ կազմակերպութեան կառոյցի մը ստեղծումը: Հիմնադիրները կը հիմնեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղերը՝ աջակցելու այս սրբազան գործին: Նախապատրաստական բեղուն աշխատանքով ազգային կրթութեան գաղափարները կը տարածեն ժողովուրդին մէջ եւ 1928-1929 տարիներուն կը կառուցեն Ուսումնասիրաց Երկրորդական վարժարանի սեփական դպրոցաշէնքը, որ 1940-էն յետոյ
կը ծառայէ նոյն նպատակին, բայց որպէս Միացեալ նախակրթարանի կրթական օջախ:
Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը Քեսապի ժողովրդային գրադարանի շէնքին սեփականատէրը կը դառնայ 1914-ին:
1915-ին տարագրութիւնն ու հայոց Մեծ Եղեռնը իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան Քեսապի վրայ, սակայն Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը աքսորէն վերադարձին մեծ դեր կ’ունենայ վերանագնումի աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս կրթական բնագաւառին մէջ: Այս շրջանին յիշատակելի դէմքերէն էր Քեսապի Տային՝ Ովսիա Սաղտըճեանը, որ Քեսապի Ազգային Միութեան կողմէ նշանակուած էր իր բացած որբանոցին «Հայրիկ»-ը , եւ մեծ դեր ունեցած էր դէմ դնելու շրջանի թուրք աւազակներու եւ կողոպտիչ խուժանի յարձակումը կասեցնելու ու կազմակերպած էր գիւղի ինքնապաշտպանութիւնը:
Այս տարիներուն կը յաջորդէ Քեսապի Ուսումնասիրաց բարձրագոյն վարժարանին բացումը՝ 13 Հոկտ. 1924-ին, Ուսումնասիրաց Ընկերութեան պատկանող ժողովրդային գրադարանի շէնքի վերնայարկին մէջ: 1926-ին, կը կազմուի դպրոցին օժանդակ Քեսասպի Ուսումնասիրաց Տիկնաց Մասնաճիւղը:
Բեղուն եւ արդիւնաւէտ կ’ըլլան Ուսումնասիրաց վարժարանի առաջին երեք տարեշրջանները:
Հեղինակը նաեւ յիշած է, որ 1927-1928 տարիներուն Ուսումնասիրաց վարժարանը որոշ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ աշակերտներու թիւի նուազում, ոչ բաւարար ուսուցիչներ, յարանուանական դպրոցներու կողմէ տարբեր ծրագրերու եւ կրթական համակարգերու որդեգրում եւ այլն:
«Ուսումնասիրաց Ընկերութեան ղեկավար դէմքեր» ենթավերնագիրին տակ կը գտնենք կենսագրական գիծերն ու լուսանկարները Ուսումնասիրաց Ընկերութեան վարչութեան ղեկավար եօթը դէմքերու: Յիշատակի արժանի է Փօլ Չիւրիւքեան, որուն դերը անգնահատելի եղած է Ուսումնասիրացի Կեդրոնական Վարչութեան, դպրոցական նոր շէնքի շինարարական գործերուն եւ Միացեալ վարժարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ:
Ուսումնասիրացի այս ժամանակաշրջանի ուսուցոիչներէն կը յիշուին Ժոզէֆ Հեքիմեան, Տիգրան Պօղիկեան, Յակոբ Աթիկեան, Ժոզէֆ Ինճէճիկեան, Յ. Հարոյեան եւ ուրիշներ:
Հեղինակը «Դպրոցի նոր շէնքի կառուցում» բաժինին մէջ յիշած է, որ 1928-ին ամռան կը ձեռնարկուի դպրոցի նոր շէնքի կառուցման: Կ’որոշուի սկսիլ դրամահաւաք եւ հանգանակութիւն Թրոյի բլուրին վրայ նոր դպրոցին կառուցման համար: Դիմում կը կատարուի երկրէն դուրս բնակող հայրենակիցներուն մասնակցելու եւ կազմակերպելու հանգանակութիւն: 1928-ին Սեպտեմբերին սկիզբը դպրոցի նոր շէնքին հիմնարկէքը կը կատարուի:
Ըստ բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանի, 1913-ին Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը Ամերիկայի մէջ ունէր չորս-հինգ մասնաճիւղ, իսկ հետագային բազմաթիւ մասնաճիւղեր, որոնց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը մեծապէս
կը նպաստէ դպրոցի կառուցման եւ դժուար պայմաններու մէջ գոյատեւման:
Ամերիկայի մասնաճիւղներուն մէջ այս ուղղութեամբ աշխատանք տանողներէն էին՝ Լեւոն-Եովէլ Կարպուշեան, Ռոպերթ Աբէլեան, տոքթ. Կիրակոս Չիւրիւքեան եւ Մովսէս Շահպազեան:
«Բեղմնաւոր տարիներ (1929,1930,1931)» բաժինին մէջ, հեղինակը կը հաստատէ, որ շրջանաւարտները ֆրանսական կրթական ծրագրի երկրորդ պաքալորիայի մակարդակի վկայական կը ստանան, շատեր իրենց ուսումը կը շարունակեն երկրէն դուրս: Ուսումնասիրաց վարժարանի առաջին եօթնամեակի յաջողութիւնները մեծ բարիք եղան Սուրիոյ հայ կրթական օջախներուն համար: Ուսումնասիրացի ազգային մթնոլորտին մէջ դաստիարակուած շուրջ 25 երիտասարդներ, յօժարեցան երթալ Սուրիոյ տարբեր շրջաններ՝ պաշտօնավարելու հայկական վարժարաններէն ներս: (25 ապագայ ուսուցիչներու անուանացանկը եւ պաշտօնավարած շրջաններ էջ 123):
Իսկ յաջորդ բեղուն եօթնամեակը (1932-1939) դարձեալ արդիւնաւէտ էր: Վարժարանը կ’ունենայ բազմաթիւ ուսանողներ եւ շրջանաւարտներ, որոնք հետագային ուսուցչութեամբ կը զբաղին:
Գիրքը կ’աւարտի «Սեւ, Մութ Ամպեր Կասիոս Լեռան Գագաթին» վերնագիրով, ուր կը ներկայացուի 1936-ին Սուրիոյ Ալեքսանդրէթ Սանճագ Թուրքիոյ կցելու ֆրանսական դաւադրութիւնը եւ անոր հետեւանքները Քեսապի վրայ:
Հատորը հարուստ է ձեռագիր նամակներու լուսապատճէն փաստաթուղթերով, տարբեր տարիներու վկայականներու օրինակներով, շրջանաւարտներու, հիմնադիրներու, ուսուցիչներու, Քեսապ այցելած նշանաւոր հիւրերու լուսանկարներով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով, Սուրիոյ իշխանութեան կողմէ դպրոցին տրուած արտօնագիրի օրինակով (արաբերէն բնագիրը եւ անգլերէնի թարգմանութիւնը), քարտէզով, տեսարժան վայրերու նկարներով, աշակերտական եւ ուսուցչական կազմերու խմբային նկարներով:
Գիրքը վաւերական արձանագրումն է Ուսումնասիրաց Ընկերութեան՝ վերոնշեալ ժամանակաշրջանին վերաբերող, եւ անոր գլխաւոր նուաճումը հանդիսացող վարժարանին՝ Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի տարեգրութեան՝ 1910-1940: Այս յատկանիշերով ալ իր արժանի տեղը կը գրաւէ Սուրիոյ հայկական կրթական մարզի պատմութեան մէջ:
Մարիա Ղազարեան