Յարափոփոխ, իսկ վերջին տասնամեակ-ներուն՝ շատ արագ փոփոխութիւններ, ըսենք՝ տակնուվրայութիւններ ապրող աշխարհին մէջ, իրարու կը յաջորդեն դրական ու (առաւելաբար) անբարենպաստ ալիքներ, որոնք իրենց ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւնը կ’ունենան նաեւ մեր՝ Հայ ժողովուրդին վրայ: Իսկ երբ կ’ըսենք Հայ ժողովուրդ՝ ի մտի ունինք դարաւոր իրականութիւն մը՝ հայրենաբնակ եւ սփիւռքահայ հատուածները: Նման ալիքներ աննախընթաց չեն, բայց եկէ՛ք, համաձայնինք, որ մենք սովորութիւն ունինք հարցերը դիտելու մեր ապրա՛ծ ժամանակաշրջանին ու անոր անմիջապէս դրացիի սահմաններուն մէջ, յաճախ՝ մեզի պարտադրուած ակնոցով, մէկդի կը ձգենք հեռադիտակները…
Հայ միտքն ու մամուլը յաճախ լուրջ քննարկումներու կ’ենթարկեն մեր երկու հատուածներուն կրած ազդեցութիւնները: Եւ որովհետեւ մենք՝ այս տողերը արձանագրողն ու զանոնք հիւրընկալողը՝ սփիւռքցի ենք, մեզ անմիջականօրէն կը մտահոգեն ա՛յս հատուածին կեանքն ու ապրած վերի-վայրումները: Սա չի նշանակեր, որ հայրենիքը մեզի համար լուսանցքային էութիւն է, սակայն երբեմն Սփիւռքի տագնապները շատ աւելի ուղիղ կերպով կը զգանք մեր մորթին վրայ: Յետոյ, չենք մոռնար, որ Սփիւռքը ինքնանպատակ իրականութիւն չէ, այլ անոր կեանքն ու երազները կապուած են մայր հայրենիքին:
Սփիւռք հասկացութիւնը տարաբնոյթ է եւ ապրած է իր եղափոխութիւնները, ստեղծած իր ենթամիաւորները՝ իրենց իւրայատուկ դիմագիծերով: Նորագոյն դարաշրջանին, մինչեւ Մերձաւոր Արեւելքը փոթորկող արհաւիրքներուն շղթայազերծումը (ի մտի ունինք Լիբանանի, Սուրիոյ, զուգահեռաբար՝ Իրանի, Իրաքի, իսկ անոնցմէ առաջ Պաղեստինի ու Եգիպտոսի տարածքները), Սփիւռք հասկացութեան կիզակէտն էր Սուրիա-Լիբանան գօտին: Կը կարծենք, որ աւելորդ է այս ճշմարտութեան մասին երկար խօսիլը, այլ կը բաւականանանք շեշտելով, որ այս երկու երկիրները շահած էին ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔի հանգամանք, կոչում: Հոն էին դպրոց ու եկեղեցի, կրօնական կեդրոններ, կուսակցական եւ միութենական միաւորներու հնոցը, անկէ էր որ սփիւռքեան այլ օճախներ սնունդ կ’առնէին մերթ՝ սահմանափակ արտագաղթողներու, երբեմն ալ գործուղուողներու ճամբով: Այս ընդհանուր իրավիճակը նախ դանդաղ, ապա աւելի արագ վերիվայրումներ ապրեցաւ, մէկ կողմէ՝ Պաղեստինի հողերուն վրայ Իսրայէլի ստեղծումով, ապա՝ արաբական երկիրները ալիք-ալիք եռեւեփող՝ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու բերումով: Դէպքերը, մասնաւորաբար պատերազմները ստեղծեցին ըստ բաւականին անտանելի վիճակներ, ո՛չ միայն յիշեալ երկիրներու հայ բնակիչներուն, այլ նաեւ տեղացիներուն համար (այս երեսը երբեմն կը ձգենք մեր հայեցակէտին շուքին մէջ, մինչեւ իսկ մտածող կայ, որ այդ բոլորը կատարուած են… հայերը հալածելու եւ կրկնակի գաղթի մղելու նպատակով: Անշուշտ արհամարհելի չէ այս բոլորին մէջ թրքական պատեհապաշտ-շահագործող մատին դերը…):
Միջին Արեւելքի «մայրաքաղաք»-ին կրած հարուածներուն եւ անոր պարտադրուած նահանջներուն ընդհանուր պատկերը, իրականութի՛ւնը, անշուշտ որ կը մտահոգէ նախ՝ տեղւոյն հայութիւնը (քաղաքական, մշակութային, տնտեսական-ընկերային եւ բազում այլ դիտանկիւններով), սակայն նաեւ ամբողջ հայութիւնը, ներառեալ մեր հայ-րենիքը: Հոս ալ պէտք չենք զգար երկար-բարակ բացատրելու, թէ ինչի՛ հետեւանք են այդ մտահոգութիւնները, սակայն շեշտադրումի կէտ մը ալ այստեղ կայ. միջինարեւելեան սփիւռքը ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ է, նմանապէս՝ անոր դերակատարութիւնը, իսկ հոս տեղի ունեցած տկարացումները անպայման որ իրենց համապատասխան ներգործութիւնը պիտի ունենան համայն հայութեան, մասնաւորաբար Սփիւռքի ընդհանուր կեանքին վրայ:
ՔԻՉ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Վերի տողերը արձանագրելու պահուն, ինչպէս նկատեց ընթերցողը, մենք ալ տարուած էինք այն հասկացութեամբ, որ Սփիւռք ըսելով՝ կը հասկնանք յետ-ցեղասպանութեան գոյացած-կազմաւորուած գաղութները (եւ ա՛յդ է ընդհանրական քննարկումներուն մեկնակէտն ու հորիզոնը): Որպէսզի մեր այս քննարկումը տարածենք աւելի ընդարձակ հիմերու վրայ, եկէ՛ք, պահ մը վերադառնանք պատմական եւ աշխարհագրական այն տարածքներուն, որոնք աղերս ունին ՍՓԻՒՌՔ հասկացութեան հետ: Ու երբ կ’ըսենք հասկացութիւն՝ ի մտի չունինք վերացական իրականութիւն մը, այլ գետնի վրայ գոյութիւն ունեցած-ունեցող գաղութները:
Հայկական Սփիւռքը խորքին մէջ նոր իրականութիւն չէ, այսինքն՝ միայն Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնա-գաղթուած հայերու կողմէ նոր օճախներու հաստատում ու կազմակերպում: Սփիւռքի պատմութիւնը երկար է, կը տարածուի դարերու վրայ, ունի իր աշխարհագրական տարածքը, որ նմանապէս յարափոփոխ է եղած: Այստեղ կ’ուզենք առանձնացնել – եւ ուշադրութիւն հրաւիրել – երկու կարեւոր եզրերու վրայ. ԳԱՂԹԱԿԱՆ եւ ՊԱՆԴՈՒԽՏ, որովհետեւ սփիւռքեան գաղութները պտուղն են այս՝ երկու տեսակի ալիքներուն: Պանդուխտը ան է, որ հիմնականին մէջ տնտեսական-ապրուստի մտահոգութիւններով՝ կամովին
կը հեռանայ տունէ-գիւղէ-քաղաքէ, կը փորձէ բարօրութեան միջոցներ գտնել այլ երկինքներու տակ, սակայն հոգիին մէջ ունի տուն վերադառնալու մղումը: Եթէ դառնայ՝
կը դադրի պանդուխտ ըլլալէ, անոր կեանքին մասին վկայութիւնները կը մնան «պանդուխտներու գրականութեան» էջերուն մէջ: Եթէ չյաջողի (կրնայ տունէն հեռու մահանալ կամ բարօրութեան «ծառ»-ը չգտնել), կը մնայ պանդխտավայրին մէջ եւ ինքնաբերաբար կը միանայ գաղթականներու՝ սփիւռքցիներու փաղանգին:
Հայ պանդուխտներու, մանաւանդ գաղթօճախներու կազմութեան մասին կան ստուար գրականութիւն եւ ուսումնասիրական հատորներ: Անոնք կ’ընդգրկեն Ցեղասպանութիւնը կանխող ժամանակները, կը տա-րածուին հայկական թագաւորական հարստութիւններու եւ անոնց միջեւ փակագիծեր կազմող դարաշրջաններու վրայ: Նպատակ չունինք այդ բոլորին մասին նշումներ ու յիշատակութիւններ ընել այստեղ. այս երկու վիճակները լուսարձակի տակ կը բերենք՝ աչքի առջեւ ունենալով Միջին Արեւելքի հայկական «մայրաքաղաքներու» զաւակներուն՝ իրենց բնակավայր(եր)էն հեռացման ներկայ իրականութիւնը, պատճառները: Բաւականանանք միայն նշելով մանրամասնութիւն մը. յիշեալ «մայրաքաղաքներուն» կազմաւորումէն ետք,- ի մտի ունինք հիմնականին մէջ յետ-ցեղասպանութեան շրջանը,- տեղի ունեցած են պանդխտութեան բազմաթիւ ալիքներ: Ատեն մը, երիտասարդներ, իբրեւ պանդուխտ, թռած են եւրոպական այս կամ այն երկիրը (օրինակ՝ յետաշխարհամարտեան Գերմանիա), ուր որոշ նիւթական շահ ապահովելէ ետք, վերադարձած են տուն եւ կեանք կերտած: Պանդուխտներու երկրորդ ալիք մը ստեղծուած է դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ. հոն եւս, նիւթական որոշ բարօրութիւն ապահոված փաղանգ մը կարճ ատեն ետք վերադարձած է «մայրաքաղաք»: Պէտք է յիշել, որ Ծոցի երկիրներու մէջ հայկական մնայուն գաղութներու կազմակերպումը (եկէ՛ք, զանոնք կոչենք «մայրաքաղաքին արուարձանները») տեղի ունեցած է երկու գործօններու ազդեցութեամբ: Այդ երկիրները գացողներ (օրինակի համար՝ Քուէյթ) կազմած են ստուար թիւ, կարիքը ունեցած են դպրոցի, եկեղեցիի, եւ ահա, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ԿԵԱՆՔԻ հրամայականին զանգը հնչած է, ծլարձակուած է գաղութը (ապա ուրիշներ): Իսկ երկրորդ գործօնը՝ «մայրաքաղաքներուն» կրած հարուածներուն ստեղծած պանդխտութեան-գաղթի ալիքներն էին: Այս յիշատակումն ալ կ’ընենք պատմական հայեցակէտէ անդին գացող մտասեւեռումով, շեշտելու համար Ծոցի երկիրներու հայկական գաղութներուն մէջ միջինարեւելեաններուն դերը:
Մեր քննարկումները երբեք ալ հաշուի չեն առած Լիպիա կամ ափրիկեան այլ երկիրներ աշխատանքի գացողներու՝ պանդուխտներու պարագան, որովհետեւ հոն ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ԳԱՂՈՒԹի նշոյլներ չեն տեսնուած (Եթովպիոյ պարագան տարբեր է): Փակագիծ մը բանալով, եւ առանց մանրամասնութիւններու եւ ծալքերու մէջ խորասուզուելու, արձանագրենք, որ նոյն տեսակի ալիքներով է
որ կազմաւորուած են Ծայրագոյն Արեւելքի գաղութները (հիմնականին մէջ՝ Պարսկաստանէն դէպի Հնդկաստան, անկէ ալ դէպի դրացի ու հեռաւոր երկիրներ՝ մինչեւ Ճափոն տարածուող մեծ ու փոքր օճախները), որոնց հալումի պատմութիւնն ալ ծանօթ է, իսկ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի նման օճախներ ալ հիմա կ’ապրին իրե՛նց սեփական պատմութիւնները: Քարտէզին միւս տարածքը կ’ընդգրկէ դէպի Եւրոպա, իսկ աւելի ուշ՝ ամերիկեան ցամաքամաս հասնող գաղութները, որոնցմէ մաս մը պատմութեան անցած է (Լեհաստան, արեւելեան եւրոպական երկիրներու մէջ նօսրացածներ), ուրիշներ ապրած են իրենց եղափոխութիւնները, սկսելով Կիպրոսէն ու Յունաստանէն, անցնելով Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Գերմանիայէն ու այլ երկիրներէ, հասնելով մինչեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ: Բոլորովին այլ բան կարելի է ըսել Ռուսիոյ եւ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ տարածուած հայութեան մասին, ուր գաղութ որակումը կրնանք տալ միայն քանի մը ոստաններու (օրինակ՝ Մոսկուան), իսկ այլ երկիրներու մէջ կան… անծանօթներու բանակներ (անծանօթներու մասին՝ աւելի ուշ):
Այս բաժինը (առանց սպառելու) վերջակէտի մը հասցնելէ առաջ, ընենք կարեւոր հաստատում մը. հին թէ նոր՝ սփիւռքեան գաղութներ չեն ստեղծուած ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ, ո՛չ ալ տկարացած, նօսրացած եւ շատեր չքացած են ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ: Կազմակերպումը տեսակ մը հաւաքական որոշումի արդիւնք է: Գաղութներու մարմնաւորումը տեղի ունեցած է ԱՐՏԱՔԻՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ բերումով, իսկ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ մէջ գաղութի զաւակները ունին որոշող-որոշիչ դերակատարութիւն: Եթէ մեր գաղութներու պատմութեան ընդհանուր տարածքը աչքի առջեւ ունենանք, այս հաստատումը կը փաստարկուի այս կամ այն ձեւով: Իսկ եթէ բացառութիւններ պիտի փնտռենք, կարելի է յիշատակել Շահ Աբբասի (եւ ո՛չ թէ՝ հայկական) ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ շուրջ չորս դար առաջ Հայաստանէն բռնագաղթը եւ Պարսկաստանի մեր գաղութին նոր տարածք ստանալը: Պէտք չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ Պարսկաստանի հետ մեր կապերը, բնակիչներու տեղաշարժը Շահ Աբբասով չէ սկսած, մինչեւ իսկ թագաւոր «ներածած» ենք Պարսկաստանէն, ուրեմն նաեւ երկու ուղղութեամբ շարժում տեղի ունեցած է հին դարերէն սկսեալ:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ-«ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ»-ԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ
Աշխարհով մէկ տարածուած Սփիւռքի մասին վերոյիշեալ թռուցիկ ակնարկը ներկայացուցինք, հասնելու համար հետեւեալ հաստատումին. Միջին Արեւելքի մեր գաղութները, մասնաւորաբար Սուրիան ու Լիբանանը, առանց անտեսելու Իրաքը եւ Իրանը, այս տարածուն պաստառին մէջ ունին իւրայատկութիւններ, որոնք անգտանելի են, անվերարտադրելի՝ որեւէ այլ երկինքի տակ: Այս երկու գաղութները առանձնացուցինք, որովհետեւ, հակառակ Յորդանանի, Պաղեստինի (յետոյ Իսրայէլի), Եգիպտոսի եւ Եթովպիոյ աշխարհագրական դրացնութեան՝ անոնք տարբեր կեանք եւ ՄԹՆՈԼՈՐՏ կերտած են: Առանձնայատկութիւններուն խորագրերն են, ինչպէս քիչ առաջ հպանցիկ կերպով անդրադարձանք՝ եկեղեցիներու, դպրոցներու, կուսակցութեանց, միութիւններու, նաեւ մասնագիտական արհեստակցութիւններու հիմնումը, զարգացումը, ուռճացումը: Այդ միաւորներէն է որ ընդհանրապէս դէպի այլ գաղութներ ճառագայթած են հայկականութեան «բերքերը»:
Իսրայէլի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Եթովպիոյ սփիւռքները նուազ բախտաւոր եղած են, քան «մայրաքաղաք»-ը կազմողները: Պէտք է շեշտել նաեւ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր ժողովուրդը ցուցաբերած է տոկալու բացառիկ կարողութիւն, ունակութիւն, դէմ դրած է վերջին 50 տարիներու իրերայաջորդ ուրուականներուն (պատերազմներ, տնտեսական տագնապներ եւ այլն): Ստեղծուած արհաւիրքներուն բերումով, այս շրջանի հայութեան մէջ, մէկէ աւելի փուլերու՝ վերականգնած է դէպի մայր հայրենիք սեւեռելու «աւանդութիւնը»: Չէ՞ որ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն բռնի գաղթի հանուածները, Ցեղասպանութենէն փրկուածները, առաջին իսկ օրէն իրենց անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ վառ պահած են ՀԱՅՐԵՆԻՔ վերադառնալու հնոցը, ու եթէ առաջին տասնամեակներուն անիկա չէ իրականացած, Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, ներգաղթի ալիքները այս ծիրին մէջ ունին առանձնայատուկ տեղ: Ներգաղթի աւելի փոքր ալիքներ ստեղծուած են աւելի ուշ, 60-ականներուն, յետոյ նաեւ՝ Հայաստանի վերանկախացման տարիներուն, երբ անգամ մը եւս հնչեց պատմական՝ «Դէպի երկիր» կարգախօսը: Նորագոյն ալիքները ստեղծուեցան վերջին տասնամեակին, ծանօթ պատճառներով: (Կարելի չէ լուռ անցնիլ դժբախտ իրականութեան մը վրայէն. հայրենիք ներգաղթողներէն ոմանք Հայաստանը նկատեցին դէպի այլ աշխարհներ թռչելու կամուրջ մը…):
Ինչո՞ւ իւրայատուկ եւ անկրկնելի են «մայրաքաղաք»-ի երկիրները՝ Սուրիան եւ Լիբանանը: Միակ պատճառը այն չէ, որ հոն կայ համայնաքային դրութիւն, երկրի քաղաքական կեանքին ուղղակի մասնակցութեան առիթ (որ քաղաքականացումի նպաստող գործօն է), այլ որովհետեւ հոն կան ԻՐԱԿԱՆ պայմաններ, որոնք չենք գտներ այլ գաղութներու մէջ, որքան ալ որ զարգացած ու բարգաւաճ ըլլան անոնք (Ֆրանսա, Ամերիկաներ, Աւստրալիա եւ այլն):
Առարկայական այդ պայմաններուն շարքին, արձանագրենք գաղութներուն «սեղմ» ըլլալը: Հալէպի, Պէյրութի, Դա-մասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ այլ քաղաքներու մէջ, մեր գաղութները «նստած» են փոքր տարածքներու վրայ, կարելի է «քալելով հասնիլ» մէկ թաղամասէն միւսը, կարճ ժամանակի մէջ ճամբորդել մէկ քաղաքէն միւսը: Սա կ’ընձեռէ տեղական-գաղութային աշխատանքները արագ իրականացնելու պատեհութիւնը, մեծ դիւրութիւն կու տայ հաղորդակցութեան, ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ եւ փոխադարձ ծանօթացման: Այս շրջաններուն մէջ, մեր գաղութները «միատարր» են, այն իմաստով, որ գաղութի զաւակները տարբեր աշխարհներէ չեն մէկտեղուած, այլ կերտած են միահիւս պատմութիւն եւ հասարակական կեանք: Եթէ անպայման ուզենք որոշ տարբերութիւններ փնտռել, կարելի է գտնել (եւ այս ըսուելիքին մէջ ընթերցողը պիտի տեսնէ կատակի երես մը): Կան հայրենակցական միութիւններու (հիմա գրեթէ չքացած), կուսակցական, յարանուանական եւ, այս իմաստով՝ «տեղայնական» տարբերութիւններ, որոնք սակայն չեն վտանգեր գաղութին միասնութիւնը, լաւ ու վատ օրերը նոյն աչքով դիմակալելու վիճակը:
Վերջերս Պէյրութէն Լոս Անճելոս վերադարձած ընկեր մը ըրաւ դիպուկ ակնարկութիւն մը. նկատեր էր, որ Պէյրութի մէջ հաւաքական կեանքը եռքի մէջ է (թատրոն, մշակութային եւ այլ ձեռնարկներ), որոնք ԴԻՒՐԱՀԱՍԱՆԵԼԻ են: Նոյնը՝ Հալէպի պարագային: Աւելցուց, որ Լոս Անճելոսի մէջ, քիչ մը հեռաւոր տեղ ձեռնարկի մը երթալու համար, մարդս քանի մը տեսակ հաշիւ կ’ընէ, գլխաւորը՝ երթեւեկի համար տրամադրելիք… ժամերը: Յաջորդ բաժինով, այս մասին քիչ մը մանրամասնութիւն:
ԱՅԼ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այլ գաղութներու մէջ, նման առաւելութիւն անհնար է: Միջին Արեւելքէն հեռու կազմաւորուած գաղութները, տուեալ երկիրներու առարկայական պայմաններուն եւ ազդեցութիւններուն բերումով, ունին բոլորովին տարբեր մարտահրաւէրներ եւ կը դիմագրաւեն վտանգաւոր ալիքներ, որոնք կը խըմբուին մէկ-երկու ընդհանուր խորագիրի տակ. այլասեռում, ուծացում, հալոցի մէջ կորուստ, խզում…: Այդ գաղութներէն իւրաքանչիւրը ունի որոշ իւրայատկութիւն, սակայն նաեւ՝ ընդհանուր յայտարարներ, որոնց գումարը՝ յիշեալ խորագրերն են:
Խօսինք գործնական օրինակով, աչքի առջեւ ունենալով Սփիւռքի ամէնէն հայաշատ գաղութներէն մէկը՝ Քալիֆորնիան (կրկնենք, այլ շրջաններու մասին ալ կրնանք նոյն մօտեցումով ու նշումներով խօսիլ):
Շրջանի հայութիւնը կարելի է «կամայական» մօտեցումով բաժնել երկու մեծ խումբերու՝ ծանօթներու եւ անծանօթներու, վերջինները՝ հայութեան հաւաքական կեանքէն դուրս-հեռու ինկածներու խումբերը:
Առաջինը՝ ծանօթներու փաղանգը
կը դիմագրաւէ իրական պարտադրանքներ, որոնք, ինչպէս նշեցինք վերը, անհամեմատելի են Միջին Արեւելքի մեր գաղութներու վիճակներուն հետ: Անմիջապէս աւելցնենք, որ մեր ծանօթներ կոչածը անոնք են, որոնք խմբուած են եկեղեցիներու (բոլոր յարանուանութիւններու), դպրոցներու (նմանապէս բոլոր հոսանքներու), մարզական, մշակութային, միութեանց, քիչ մըն ալ մասնագիտական խմբակցութիւններու մէջ ու շուրջ: Ասոնց դիմագրաւած առարկայական դժուարութիւններէն թուենք մէկ քանին:
– Գլխաւոր քաղաքները՝ ծանօթներ կոչուածներու բնակավայրերը շատ տարածուն են: Լոս Անճելոս գաւառը, առանձինն, ունի աւելի քան 7 600 քառ. քլմ. տարածութիւն, քաղաքներու հեռաւորութիւնը կը տարուբերի 5-էն 120 եւ աւելի քլմ.ի միջեւ: Ասոր վրան աւելցնելով անմիջական դրացի՝ Օրէնճ Քաուընթի գաւառը, կ’ունենանք մօտաւորապէս Լիբանանի տարածքով շրջան մը: Եթէ կարկինը տարածենք դէպի Քալիֆորնիոյ այլ շրջանները, կը հասնինք մէկ կողմէ՝ Սան Տիեկո, երկրորդ կողմէ մը՝ Ֆրեզնո, իսկ միւս կողմէ՝ Սան Ֆրանսիսքո (որ Քալիֆորնիոյ ծովափին գրեթէ կեդրոնը կը գտնուի…): Արդէն կը խօսինք շուրջ 800-1000 քլմ. հեռաւորութիւններու մասին…
– Գաղութը «այլազան» է, դրական աչքով՝ տարբեր ծաղիկներով կազմուած հսկայ ծաղկեկողովի կը նմանի: Կան «բնիկ»-ներ, այսինքն՝ ժառանգորդները այն սերունդ-ներուն, որոնք Ամերիկա հասած են Ցեղասպանութենէն առաջ կամ անմիջապէս ետք (այլ ալիքներու մասին երկար չխօսինք): Կան Միջին Արեւելքէն ալիք-ալիք հասածներ (Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Պաղեստին-Յորդանան, Իրան, Պոլիս…), վերջապէս, ստուար թիւ կը կազմեն Հայաստանէն եւ նախկին Խորհրդային Միութենէն արտագաղթողները-գաղթականները: Բազմագոյն այս խճանկարին միաւորներուն միջեւ կան հաղորդակցութեան, գործակցութեան որոշ կամուրջներ, սակայն կարելի չէ անտեսել միւս երեսը՝ իւրաքանչիւրը որոշ չափով ինքն իր պատեանին մէջ մնալու իրականութիւնը:
– Հասարակաց դժուարութիւն է լեզուի ու մշակոյթի պահպանումը (մէկ մասին մէջ նուազ շեշտուած, միւսներուն մէջ՝ աւելի): Հայկական դպրոցներու մէջ հայերէնախօսութիւնը մեծ նահանջ կրած է (չենք ուզեր գործածել պարտուած եզրը. բոլորովին այլ հարց, թէ հայ աշակերտներու հազիւ 5-6 առ հարիւրը հայկական դպրոցի երես կը տեսնէ), նոյնը՝ եկեղեցիներու շրջափակին մէջ, միութիւններու յարկին տակ, նոյնինքն… ընտանիքներու մէջ: Մանրամասնութիւններու առջեւ կանգ առնելը մեզ պիտի տանի այլ տեսակի խորացումի:
Այս ու նմանօրինակ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ դժուարութիւններուն մեծ մասը, ինչպէս կարելի է հետեւցնել, երկրի իրական տուեալներէն բխող պարտադրանքներ են, եւ ո՛չ թէ անպայման չկամութեան եւ դէպի այլասերում վազելու հետեւանք: Միջին Արեւելքի մէջ կան առարկայական այլ մարտահրաւէրներ (ակնարկեցինք քիչ առաջ), սակայն բոլորովին տարբեր՝ վերը նշուածներէն ու ցանկէն դուրս մնացածներէն:
Ինչպէս ըսինք, հայութեան այս հատուածը կարելի է կոչել ծանօթ սփիւռքի մասը: Ասոնց դիմաց, կան հայեր, որոնք կ’ապրին (գործի եւ կեանքի այլ հարկադրանքներու բերումով) մեծաթիւ հայ բնակիչ ունեցող քաղաքներէ հեռու (մենք չխօսեցանք, օրինակի համար, Քալիֆորնիոյ դրացի կամ մերձակայ նահանգներու մասին, ուր կան ծանօթ հայերու ստուար հաւաքականութիւններ, օրինակի համար՝ Արիզոնայի մէկ քանի քաղաքը, Լաս Վեկասը եւ աւելի հեռուները): Մեր յիշատակած՝ այսպէս կոչուած հայաշատ քաղաքներուն միջեւ, կան բազմաթիւ մեծ ու փոքր քաղաքներ, գիւղական դիմագիծով աւաններ, ուր ապրող հայերը, ուզեն կամ չուզեն, հեռու ինկած են հայկական կեանքէն, ընդհանրապէս կապ չունին ծանօթ նկատուածներուն հետ: Իսկ թէ որքա՞ն է անծանօթներուն թիւը, պէտք է հարցնել Աստուծոյ, որովհետեւ պետական վիճակագրութիւններն անգամ չեն դիւրացներ հաշուարկը (խառն ամուսնութիւններ, անուանափոխութիւն եւ մասամբ նորին): Իսկ եթէ մեր հաշուետետրը ձեռք առնենք եւ նման հաշուեկշիռներու փորձ ընենք ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին (կրնանք հասնիլ Քանատա եւ հարաւամերիկեան երկիրներ ալ, ցատկել դէպի Եւրոպա, մինչեւ իսկ Ռուսիա, նախկին խորհրդային երկիրներ, Աւստրալիա եւ այլուր), արեւմտեան գօտիէն պիտի հասնինք կեդրոնական եւ արեւելեան նահանգներ (սկսելով Նիւ Եորք-Պոսթընէն մինչեւ Ֆլորիտա), ու մեր դիմաց պիտի գտնենք նոյն «խայտաբղէտ», ծանօթներու եւ անծանօթներու փաղանգները:
ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ «ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ»
Միջին Արեւելքէն հեռու տարածուող հայկական գաղութներու մասին այս հպանցիկ ակնարկը ներկայացուցինք, տեսնելու՝ որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի պէս գաղութներ ինչպիսի՛ առանձնայատկութիւն ունին, հակառակ իրենց պարտադրուած, իրենց գլխուն փաթթուած պատուհասներուն՝ հայութեան կեանքին մէջ ի՛նչ արժէք ու դերակատարութիւն ունեցած են եւ ունին: Անոնց տկարացումը՝ ծանօթ պայմաններու եւ փոթորիկներու հետեւանքով, ինքնակերտ չէ, սակայն, արդէն ըսինք՝ իր վատ հետեւանքները պիտի ունենայ այլ գաղութներու կեանքին վրայ:
Արձանագրենք քանի մը մասնրամասնութիւն:
Հեռաւոր գաղութներու մէջ, հայկական գաղութներու թթխմորը մեծ մասամբ հասած է Միջին Արեւելքի «մայրաքաղաք»-էն: Ուսուցիչներ, խմբագիրներ, միութեանց ծառայողներ, քաղաքական գործիչներ մեծ համեմատութեամբ «ներածուած» են «մայրաքաղաք»-էն: Չենք կրնար արհա-մարհել քաղաքական գործիչներու այն սերունդը, որ հեռաւոր գաղութներու մէջ «տեղական արտադրութիւն» է, որովհետեւ եկաւ որոշ ժամանակաշրջան, երբ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները, ուղեցոյց ունենալով դէպի միջազգային այլ բեմեր (ՄԱԿ, միջազցային ատեաններ, որոշ երկիրներու հետ ուղղակի կապեր…)՝ «մայրաքաղաք»-էն մեկնած շարժումներուն ուղեցոյցը, ներ-գրաւեցին այդ գաղութներու մէջ ծնած ու կազմաւորուած սերունդներ: Սակայն եթէ հարց տանք, թէ ուսուցիչներուն, խմբագիրներուն, եկեղեցիներու ծառայողներուն ի՞նչ համեմատութիւնը «տեղական արտադրութիւն» է (արտադրութիւն եզրին մէջ թող շուկայիկ կամ արհամարհական հետք չտեսնուի), պատասխանը պիտի ըլլայ… անբաւարար: Եւ հիմա, երբ «մայրաքաղաք»-ը իր կարգին կ’ապրի տկարացում, նահանջ (կրկնենք, իր կամքէն անկախ, եւ ո՛չ միայն վերջին տասնամեակին), հետեւութիւններու հասնիլը դժուար չէ: Հնոցին վառելանիւթը եւ անկէ տարածուող լոյսն ու ջերմութիւնը հակաաճի մէջ են:
ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՅԼ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԸ
Վերոյիշեալ դաշտերէն անդին, կան «մայրաքաղաք»-ին ապրած նահանջին վատ հետեւանքները՝ այլ տարածքներու մէջ: Ի մտի չունինք մարզական եւ նման կալուածներ, այլ մասնաւորաբար մեր Դատի դաշտը:
Միջին Արեւելքը, ըլլալով մեր պատմական հողերուն եւ մայր հայրենիքին աշխարհագրականօրէն մօտ շրջան, ի բնէ եղած է հնոց՝ մեր իրաւունքներու պահպանման (իրաւունքը միայն քաղաքական իմաստով չենք դիտեր, այլ նոյնինքն ԱՊՐԵԼՈՒ եւ ԲԱՐՕՐ ԿԵԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ մօտեցումով ալ) եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցման: Այս շրջանէն մեկնած են մեր նորագոյն արդարատենչ մարտիկները, որոնք մէկ կողմէ ցնցած են արեւմտեան աշխարհի լուռ պատերը, իսկ միւս կողմէ՝ միացած են Արցախեան Ազատամարտին: Ճիշդ է, որ այլ գաղութներու մէջ ալ այդ հնոցէն բոցեր տարածուած են պայքարի նոյն դաշտերուն մէջ, սակայն ակներեւ է, որ մեր բռունցքի պայքարին մէջ դանդաղումը յաջորդեց «մայրաքաղաք»-ի ապրած ահաւոր տագնապներուն:
Այս իմաստով, կայ ցաւալի իրականութիւն մը: Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, Սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի միջեւ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը չունեցան այնպիսի զարգացում, կամուրջներու ամրացում, ձեռքերու միացում, որուն ի տես՝ ըսէինք, որ «մայրաքաղաք»-ի ակամայ նահանջը կը դարմանուի, կը հակակշռուի այլապէս: Առաջին տասնամեակներուն, կային գործակցութեան ոլորտներ, գոնէ իրարու ձեռք երկարելու, իրերօգնութեան որոշ ճիգեր (երկրաշարժ, Արցախ, Համահայկական Հիմնադրամ եւ այլն), թէեւ մեր Դատի ոլորտին մէջ, ձեռնպահութիւնը – իբրեւ թէ քաղաքական՝ միջազգային քաղաքական հարկադրանքներու տուրք տալու ճամբով – զգալի էր: Չմտնենք մանրամասնութիւններու եւ ծալքերու մէջ: Վերջին տարիներուն, այդ ոլորտները իրերայաջորդ հարուածներ ստացան: Ամէնէն ցաւցնողը՝ հողատիրութեան եւ Հայ Դատի – ներառեալ Արցախի – պաշտպանութեան գետիններուն վրայ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ մակարդակով ձեռնթափութիւնն է, աւելի՛ն՝ մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան դէմ ընթացող իրողական քայլերու ականատես եղանք եւ ենք: Սփիւռքի Նախարարութեան չեղարկումը կարծէք թէ բաւարար չէր, եւ ահա ծնաւ գործակատարի բաժանմունք մը, որուն վստահուեցաւ նա՛եւ հայրենիքը Սփիւռքէն բաժնելու-հեռացնելու դեր մը (իսկ թէ սա որքանո՞վ կը համապատասխանէ թուրք-ազերիական ծրագրերուն, երկար բացատրութեան
չի կարօտիր. Կը բաւէ արձանագրել միայն նորագոյն փաստ մը. Նոյեմբերի վերջերուն, Պաքուէն դարձեալ հնչեց «հայկական սփիւռքը խափանող է» մեղադրանքը, յանկերգ մը, որ շատո՜նց յօրինուած է Անգարայի մէջ): Այս բաժանուածութիւնը, իրողական խզումի փորձերը ընթացան զուգահեռ՝ Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ ստեղծուած պառակտումներուն, մինչեւ իսկ մեր Եկեղեցին բաժանումի տանող՝ վերանորոգուած քայլերուն:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՐԷՆ
Մեր այս քննարկումը կրնանք երկար շարունակել, սակայն մեր նպատակը՝ նոյն հարցերը քննարկող խորհրդաժողովներու հետ մրցումի ելլել չէ:
Անհրաժեշտ կը նկատենք ընել քանի մը հաստատում, որոնք մասամբ կրկնութիւնը պիտի ըլլան տասնամեակներու ընթացքին գոյացած ըմբռնումներու: Նախ եւ առաջ, Սփիւռքը, ինքնանպատակ չըլլալով հանդերձ, չի կրնար անտեսել գոյութեան, իբրեւ հայկակա՛ն տարածք գոյութեան, պահպանումի եւ զարգացման իր առաքելութիւնը, եւ անշուշտ՝ կարողականութիւնները թէ՛ ինքն իր եւ թէ հայրենիքի կարիքները մատակարարելու գործը:
Նախացեղասպանութեան, բայց մանաւանդ յետ Մեծ Ոճիրին յաջորդած փուլերուն, Սփիւռքը դիմագրաւած է մեծ ու փոքր մարտահրաւէրներ, որոնք յաղթահարուած են ԻՐ ՆԵՐՈՒԺԷՆ բխող կազմակերպական կարողութիւններով (մէկ չէ): Ո՛չ մէկ ժամանակաշրջան, տագնապներ դիմագրաւող ո՛չ մէկ սերունդ բաղդատութեան պէտք է դնենք մէկ ուրիշի հետ, սակայն կենսական նշանակութիւն ունի ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ-ՆԵՐՈՒ ճիշդ գնահատումը: Եւ ի՜նչ կայ աւելի՛ պերճախօս՝ քան այն, որ Ցեղասպանութենէն վերապրող սերունդը, իր քաղաքական, մշակութային, հոգեւորական եւ այլ դաշտերու մէջ գործող զաւակներով, իրականացուց ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ մը, նոյն այդ ներուժի՛ն յենելով: Կը հաւատանք, պէ՛տք է հաւատանք, որ այդ ներուժը անժամանցելի է, չի խամրիր այլատեսակ պատուհասներու հետեւանքով, այլ կրնայ կռանուիլ անոնց հնոցներուն մէջ:
Եթէ մենք մեզ խզենք Սփիւռքի անցեալի ու երէկի առարկայական իրականութիւններէն ու մեր իրագործումներէն (ընդհանրապէս խստապահանջութիւն կը խաղանք եւ մենք մեզ կը խառազանենք, մտածելով, թէ ի՜նչ ըրեր ենք որ…), մենք մեզ կը դնենք ահեղ փոթորիկներու դիմաց ընկրկելու կացութեան մէջ, մինչդեռ տուեալ, նորայայտ կացութիւնները կազմակերպուած ձեւերով դիմագրաւելը հրամայական է հիմա, ինչպէս միշտ: Խօսքը չի վերաբերիր միայն այս կամ այն գաղութին, այլ ամբողջ Սփիւռքին, անոր իւրաքանչիւր անդամին, առանց մոռնալու մայր հայրենիքը: Սա կը պահանջէ ուժերու, ձեռքերու եւ կարողականութեանց միացում, հեռու՝ բաժանուածութենէ, ի՛նչ ձեւի ալ ըլլայ անիկա, ուրկէ՛ ալ փչեն այդ հովերը: Իսկ կազմակերպ կեանքը ու նախադրեալներու ստեղծումը նորութիւն չեն մեր հաւաքական կեանքին մէջ: «Մայրաքաղաք»-ին փորձառութիւնը ամէնէն շօշափելի վկայութիւնն է ասոր:
…25 տարի առաջ, շարժապատկերի աշխարհը պաստառ հանեց տպաւորիչ եւ անմոռանալի ժապաւէն մը, որ կը կոչուի «Ամէնէն Կատարեալ Փոթորիկը» (The Perfect Storm): Բաւական հսկայ նաւ մը ինկաւ աներեւակայելիօրէն հզօր փոթորիկի մը ճիրաններուն մէջ, փոթորիկ՝ որ իրարու դէմ հանեց երկու հսկայական ալիքներ: Նաւապետն ու նաւաստիները իրենց կարելին ըրին, «ցատկելու» համար լեռնանման ալիքին վրայէն, սակայն նաւուն շարժակին ուժը բաւարար չէր. ալիքը կուլ տուաւ նաւն ու նաւաստիները: Փոթորիկին արարման մէջ, նաւուն անձնակազմը բաժին չունէր, բոլորը միասին պայքարեցան, սակայն պարտուեցան (կը յիշէ՞ք մեր ազատամարտերը…):
Հիմա, հայութիւնը, իր Սփիւռք(ներ)ով ու Հայրենիքով, ինկած է «կատարեալ փոթորիկ»-ը յիշեցնող ալիքներու մէջ: Հայրենի նաւավարն ու գործակից նաւաստիները հրաժարած են պայքարելու ընտրանքէն: Սա յաւելեալ շեշտադրում մը կը դնէ Սփիւռքի, յատկապէս նաեւ հայրենամերձ «մայրաքաղաք»-ին վրայ, որպէսզի մեր նաւը կուլ չերթայ աշխարհա-սասան ալիքներու: Իրական կեանքը ժապաւէն կամ վէպ չէ: «Մայրաքաղաք»-ին ստեղծումը, կազմակերպումն ու ծաղկումը փաստացի իրականութիւն են, մաս կը կազմեն մեր ԻՐԱԿԱՆ պատմութեան: Մեր իրաւո՛ւնքն է բարձր պահել մեր երթին դրօշը: Իսկ երբ կ’ըսենք ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ, իբրեւ փաստացի օրինակ ունինք նախորդ սերունդներու ԳՈՐԾԸ, ուղեցոյցը: Անոնք հեքիաթ չեն, այլ՝ ապրուած-արարուած իրականութիւն:
Ս. Մահսերէճեան