ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՉԱՒԻ ԱԼՈՆՍՈՆ
ՊԱՇՏՕՆԷՆ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ
Երկուշաբթի երեկոյեան, Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտի վարչակազմը պաշտօնապէս յայտարարեց որ դադրեցուցած է խումբի գլխաւոր մարզիչ Չաւի Ալոնսոն իր պաշտօնէն: Վարչութեան այս որոշումը եկաւ Քլասիքոյի մրցումին յաջորդող օրը, ուր Ռէալ 3 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ մրցակից Պարսելոնայէն: Ըստ ակումբի հաղորդագրութեան, որոշումը առնուեցաւ փոխադարձ համաձայնութեամբ: Ռէալ շատ երկար ժամանակ չունեցաւ նոր մարզիչի անունը որոշելու. Ան մարզիչի պաշտօնը վստահեցաւ ակումբի նախկին խաղացող Ալվարո Արփելային: Նորանշանակ մարզիչը որպէս խաղացող մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի խումբին 2009-էն 2016, որմէ ետք մուտք գործած է մարզելու ասպարէզ՝ ստանձնելով մայրաքաղաքի ակումբին պատանեկան եւ երիտասարդական խումբերու պատասխանատուութիւնը: 2025-ի Յունիսին անոր վստահուած էր Ռէալի երկրորդ խումբը, որուն հետ տիրացաւ Սպանիոյ ախոյեանութեան: Նշենք որ Ռէալի եւ Արփելայի միջեւ տեղի ունեցած պայմանագրութեան ժամանակաշրջան չյայտարարուեցաւ, սակայն կ’ակնկալուի առնուազն մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը, որմէ ետք պիտի յստականայ որ ան պիտի շարունակէ՞ իր պաշտօնը, թէ պիտի փոխարինուի նոր մարզիչով:
ՖԼԷՔ ՅԱՂԹԱԾ Է
ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԲՈԼՈՐ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Սպանիոյ ախոյեան, Պարսելոնայի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Հանզի Ֆլէք յաղթած է մարզիչի կեանքի բոլոր եզրափակիչ մրցումներուն: Սպանիոյ սուփըրգաւաթի եզրափակիչը 8-րդն էր Ֆլէքի մարզիչական կեանքին։ Պարսելոնա 3 – 2 արդիւնքով յաղթեց Ռէալին: Անոր ղեկավարութեամբ Պարսելոնան յաղթած է նաեւ Սպանիոյ գաւաթի եզրափակիչին եւ անցեալ տարուան սուփըր գաւաթի մրցումներուն: Աւելին. ան Գերմանիոյ Պայերն Միւնեխի հետ 2020-ին յաղթած է «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եզրափակիչին, Եւրոպայի սուփըր գաւաթին, աշխարհի ակումբային առաջնութեան եզրափակիչին, Գերմանիոյ գաւաթի խաղարկութեան եզրափակիչին ու Գերմանիոյ սուփըր գաւաթին:
ՉԵԼՍԻ 120 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՈ
Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՎԱԼՎԵՐՏԻԻ ՀԱՄԱՐ
Աշխարհի ակումբային ախոյեան Լոնտոնի Չելսին կը փորձէ ձեռք բերել Սպանիոյ փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտի ուրուկուէյցի կիսապաշտպան Ֆետերիքո Վալվերտին։ Այս տեղեկութիւնը հաղորդեց «Fichajes»-ը: Անգլիական ակումբը պատրաստ է 27-ամեայ ֆութպոլիստին համար վճարել 120 միլիոն եւրո։ Վալվերտիի ծառայութիւններով հետաքրքրուած է Չելսիի նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ Լիամ Ռոսինէն։
Ռաֆֆի Սիւլահեան


