ՏԵՂԱԿԱՆ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՒԱՐՏԵՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Քաթարի մայրաքաղաք Տաուհայի մէջ ընթացող արաբ երկիրներու ախոյեանական մրցաշարքի քառորդ աւարտական մրցումներուն, Սուրիոյ հաւաքականը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ աշխարհի աղիւսակի 4-րդ դիրքը գրաւող Մարոքի կազմէն: Մրցումին, Սուրիոյ մարզիկները կրցան իրենց խիտ պաշտպանողական խաղարկութեամբ ետ մղել մրցակիցի բոլոր յարձակումները: Առաջին կիսախաղը հաւասար աւարտելէ ետք, զոյգ խումբերը մուտք գործեցին դաշտ յարձակողական խաղարկութեամբ, ուր իւրաքանչիւրը ուզեց տիրանալ բարձրագոյն արդիւնքին: 79-րդ վայրկեանին, Մարոք կրցաւ ցնցել Սուրիոյ դարպասապահ Իլիաս Հատայայի դարպասը եւ հանդիպումը շարունակել մինչեւ աւարտ՝ 1 – 0 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ մրցումի աստղն էր Սուրիոյ դարպասապահ Իլիաս Հատայան:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ՝ «FREESTYLE CHESS GRAND SLAM FINAL»
ԱՐԱԳ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի նախկին առաջատար Լեւոն Արոնեան Քեյփթաունի (Հարաւային Ափրիկէ) մէջ կայացած Freestyle Chess Grand Slam Final-ի եզրափակիչին, 1 – 5 / 0 – 5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի 16-րդ ախոյեան, համաշխարհային դասակարգման առաջատար, նորվեկիացի
Մակնուս Քարլսընը եւ նուաճեց տիտղոսը: Քառորդ եզրափակիչին, Լեւոն Արոնեան 3 – 1 արդիւնքով յաղթած էր ամերիկացի Հանս Նիմանին, կիսեզրափակիչին՝ 3 – 1 հաշիւով պարտութեան մատնեց գերմանացի Վինսընթ Քայմարը։ Մակնուս Քարլսըն քառորդ եզրափակիչին 3 – 1 արդիւնքով յաղթած էր ամերիկացի Ֆապիանո Քարուանային, կիսեզրափակիչին 2 – 5 / 1 – 5 արդիւնքով ուզպէք Ջաուաքիր Սինտարովը: Աւելցնենք, որ Freestyle Chess Grand Slam Final-ի մրցանակային հիմնադրամը 750 000 ամ.տոլար է:
Մակնուս Քարլսընը եւ նուաճեց տիտղոսը: Քառորդ եզրափակիչին, Լեւոն Արոնեան 3 – 1 արդիւնքով յաղթած էր ամերիկացի Հանս Նիմանին, կիսեզրափակիչին՝ 3 – 1 հաշիւով պարտութեան մատնեց գերմանացի Վինսընթ Քայմարը։ Մակնուս Քարլսըն քառորդ եզրափակիչին 3 – 1 արդիւնքով յաղթած էր ամերիկացի Ֆապիանո Քարուանային, կիսեզրափակիչին 2 – 5 / 1 – 5 արդիւնքով ուզպէք Ջաուաքիր Սինտարովը: Աւելցնենք, որ Freestyle Chess Grand Slam Final-ի մրցանակային հիմնադրամը 750 000 ամ.տոլար է:ՄԱՐԱՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՆԱՔ ԱՈՒԹԻ
ԵՆԹԱՐԿԵՑ ՓԱՔԻՍՏԱՆՑԻ ՄՐՑԱԿԻՑԸ
Հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Մարատ Գրիգորեան տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց արհեստավարժ մրցաշարքին։ 13 Դեկտեմբերին Լվովի մէջ (Ուքրանիա) կայացած մենամարտին 25-ամեայ մարզիկը երկրորդ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց փաքիստանցի Եասիր Ահմետ Մալիքը եւ դարձաւ WBF Intercontinental առաջին ծանրութեան կարգի ախոյեան: Մենամարտի առաջին իսկ վայրկեանէն Գրիգորեան գործեց վստահօրէն եւ վերահսկեց պայքարի ընթացքը։ Երկրորդ ռաունտին անոր ճշգրիտ հարուածներու շարքը ստիպեց մրցավարը դադրեցնել մենամարտը՝ արձանագրելով նաք աութով յաղթանակ։ Այս յաղթանակը Մարատ Գրիգորեանի արհեստավարժ կեանքի ընթացքին հինգերորդն է:
Ռաֆֆի Սիւլահեան

