ԻՆՉՊԷ՞Ս ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՓՈՔՐԻԿԸ՝ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԵԼՈՒ ԱՌԱՆՑ ՎԱԽԻ
Շատ մը փոքրիկներ կը վախնան Կաղանդ Պապուկի կերպարէն, անոր ճերմակ մօրուքէն, կարմիր հագուստէն ու թաւ ձայնէն։ Ահաւասիկ քայլեր, որոնք կրնան օգնել մեր երեխաներուն, որ  աւելի  ուրախ տրամադրութեամբ դիմաւորեն  Կաղանդ Պապուկը:
1. Պատմեցէ՛ք, թէ ո՞վ է Կաղանդ Պապուկը:
Պարզ բառերով պատմեցէ՛ք, որ Կաղանդ Պապուկը բարի ծերունի մըն է, որ շատ  կը սիրէ փոքրիկները։ Ան միայն ուրա-խութիւն եւ նուէրներ կը բերէ: Խուսափեցէ՛ք վախ սերմանող խօսքերէն, ինչպէս՝ «Եթէ խօսք մտիկ չընես, նուէր պիտի չբերէ»։
2. Ցոյց տուէ’ք նկարներ, գիրքեր, տեսերիզներ:
Մանուկը չի վախնար, եթէ ծանօթ է Կաղանդ Պապուկի  կերպարին:
Կրնաք միասին գունաւորել Կաղանդ Պապուկին պատկերը,  անոր մասին գիրք  մը կարդալ, կամ տեսերիզ  դիտել:
 3. Խաղցէ՛ք «Կաղանդ Պապուկ»-ի  խաղը տան մէջ:
Մայրիկը կամ հայրիկը կրնան կարմիր գլխարկ,  բարակ մօրուք կամ շալ մը դնել ու մեղմ  ձայնով ըսել.  «Բարի օր, ես Կաղանդ Պապուկն եմ»։
Ապա հանել հագուստը ու բացատրել.  «Տեսա՞ր, ասիկա պարզ հագուստ մըն էր ու խաղ մը»։
«Տե՛ս այսպէս է Կաղանդ Պապուկը, մեծ մօրուքով եւ կարմիր հագուստով ու միշտ կ’ուզէ որ բոլոր փոքրիկները  ժպտին»:
Այսպէս մանուկը կը տեսնէ, որ  Կաղանդ Պապուկը վախնալիք չէ։
4. Տօնի օրը  ստիպողական է:
Եթէ այցելութեան կամ տօնական հրապարակ մը պիտի մեկնիք, մի՛ ստիպէք, որ փոքրիկը կանգնի Կաղանդ Պապուկին առջեւ, մի՛ հրէք զինք անոր գիրկը:
Թող ինք որոշէ, թէ պիտի մօտենա՞յ կամ՝ ոչ:
Վստահութեան զգացումը ամենակարեւորն է։
5. Երբեք մի՛ ծաղրէք անոր վախը:
Խուսափեցէ՛ք  կարգ մը  խօսքերէ, ինչպէս՝ «Այդ ինչ պարապ բանէ կը վախնաս», «Դուն մեծ ես, ամօթ է»։
Փոխարէնը ըսէք.  «Զգացումներդ կը հասկնամ։ Ես քու կողքին եմ»։
6. Թող փոքրիկը ինք որոշէ հեռաւորութիւնը: Պզտիկները աւելի հանգիստ կ’ըլլան, եթէ գիտնան թէ իրենք կրնան ընտրել։
«Եթէ կը փափաքիս, Կաղանդ Պապուկը կրնայ դանդաղ մօտենալ կամ նոյնիսկ հեռուէն բարեւել։ Ամէն ինչ ուզած ձեւովդ կ’ըլլայ»։
Կաղանդ Պապուկին հանդիպման ընթացքին թող ինք իր օրէնքները սահմանէ, խաղաղօրէն ու առանց ճնշումի ենթարկուելու.
Ա-Կրնայ հեռուէն դիտել
Բ-Ձեռքդ բռնած մնալ
Գ- Մօտենալ։
7. Նախապէս համաձայնեցէ՛ք այն անձին հետ, որ Պապուկի դերը պիտի կատարէ ու խնդրեցէ՛ք.
Ա-Բարձրաձայն չխօսիլ
Բ- Դանդաղ շարժիլ
Գ-Տեղը մնալ, մինչեւ որ  փոքրիկը իրեն մօտենայ
8. Զրուցեցէ՛ք փոքրիկին հետ:
Երբ տուն վերադառնաք,  հարցուցէ՛ք.  «Սիրեցի՞ ր Կաղանդ Պապուկը», «Տեսա՞ր որ մենք միասին էինք, ու ամէն ինչ լաւ ընթացաւ»
Ընտանիքի բոլոր անդամներով տօնածառ զարդարելը, Կաղանդ Պապուկին նամակ գրելը, անհամբեր անկէ  նուէրներ սպասելը կը համարուին  ընտանիքը ամրացնող գեղեցիկ ու ջերմ աւանդութիւններ: Փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ կը հաւատան այս հեքիաթին: Փորձենք վախը վանել, որպէսզի անոնք բարձր տրամադրութեամբ սպասեն տօնական օրերուն:
Բարի Կաղանդ մեր շատ սիրելի փոքրիկներուն:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան