ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հին հայերը ունեցած են Ամանորի սովորութիւններ եւ շատ հետաքրքրական աւանդութիւններ: Իւրաքանչիւր շրջան ունէր յատուկ ծիսակարգ, սակայն որոշ արարողութիւններ հին ժամանակներէն աւանդուած են մեզի եւ մինչեւ այսօր կը պահպանուին գրեթէ բոլոր հայ ընտանիքներուն մէջ. օրինակ, կէս գիշերին ամբողջ ընտանիքը հաւաքուելով մոմի լոյսով լուսաւորուած սեղանին շուրջ՝ աղօթքով կը դիմաւորէ Նոր Տարին՝ բարօրութիւն խնդրելով բոլոր շնչող էակներուն համար:
Նոր Տարուան նախորդող երեկոյեան ընդունուած էր նաեւ կրակ վառել, որուն մէջ, որպէս ընտանիքի ամրութեան խորհրդանիշ՝ տան երէցը մեծ գերան մը կը դնէր: Այդ գերանը կը կոչուէր «Տարեմտի քէօթուկ» եւ կը վառէր մինչեւ Սուրբ Ծնունդ: Բոլոր հիւրերը պարտաւոր էին մէկական կտոր փայտ աւելցնել՝ կրակը վառ պահելու համար։ Այդ կրակին վրայ ալ կը պատրաստէին Ս. Ծննդեան կերակուրները: Անոնք կը հաւատային, թէ կրակին մէջ
կը վառէին բոլոր վատ յիշողութիւններն ու սխալները եւ կրակէն ջերմութիւն ու լոյս կը ստանային, որպէսզի յաջորդ տարին աւելի պայծառ ու տաք ըլլայ:
Ըստ Լուսիկ Ագուլեցիի, Նոր Տարուան հայկական անուանումը՝ Ամանորը, շատ գեղեցիկ առասպել մը ունի:
Հին առասպելին համաձայն, Յունուարին բնութեան Աստուած Ամատուրը սէր խոստովանած է իր ապագայ կնոջ՝ Ամանորին, եւ Նոր Տարին անոր նուիրելով այդ անունը ստացած է:
Հետաքրքրական է, որ խոստովանութեան ատեն Ամատուրը իր սիրելիին խնձոր նուիրած է: Ըստ աւանդութեան Ամանորի գիշեր մարդիկ ներողամիտ կը դառնային, բոլոր վիրաւորանքները կը վերանային ու խնձոր կը նուիրէին իրարու:
Յիշենք հայկական գաւառներու ամանորի աւանդութիւնները.
ՄՈՒՇ
Մշեցիները կը պատրաստէին յատուկ քաղցրեղէններ՝ շորւամա, պէշթա, սամսա, տատիքներ, օշորկա։
Ամանորի առաւօտ առաջին անձը, որ տուն կը մտնէր, պիտի ըլլար բարիք բերող, ջերմ անձ մը: Յաճախ այս պարտականութիւնը կը տրուէր ընտանիքի նորապսակ երիտասարդին։
Մշոյ մէջ կը պահուէր նաեւ հետեւեալ սովորութիւնը.
Տարեմուտի գիշեր, տան դրան դէմ կը դնէին սափոր մը ջուր, որպէսզի «տարին ողորմած ըլլայ»։
ԿԱՐՍ
Կարսեցի կանայք կը պատրաստէին քաղցր հալվա, որ կը համարուէր բարիք ու տունը պտուղ բերող ուտեստ։
Տարեմուտին մարդիկ կը հաւաքուէին տան մեծ սեղանին շուրջ։ Աղօթքէ ետք, ընտանիքի հայրը բարձրաձայն կ’ըսէր. «Ինչպէս սեղանը բացուեցաւ, թող բարեաց դռները բացուին»։
Ժողովրդային հաւատալիքով, Ամանորի գիշեր ձիւն տեղալը կը նշանակէր «բարեկեցիկ տարի»։
ՏԱՐՕՆ
Տարօնի մէջ կը պահպանուէր հետաքրքրական սովորութիւն մը՝
կը պատրաստէին երեք տեսակի հաց.
սպիտակ հաց՝ խաղաղութեան, սեւ հաց՝ տոկունութեան, քաղցր հաց՝ բարիք բերելու համար։
Կը պատրաստէին նաեւ գաթայաձեւ քաղցր հաց, որուն վրայ կը գծէին խաչաձեւ դրոշմներ։ Գիշերուան 12-ին, տան հայրը կը վերցնէր գաթան եւ կը կանգնէր օջախին առջեւ ու կը կիսէր զայն՝ բաժնելով բոլորին:
ՎԱՆ
Վանեցի ընտանիքներուն մէջ Ամանորի գիշերը կարեւոր նշանակութիւն ունէր օջախի կրակը։ Անոնք կը վառէին «նոր կրակ»՝ մաքուր փայտէ, որ պէտք է ամբողջ գիշեր այրէր՝ տան մէջ լուսաւորութիւն, առողջութիւն ու խաղաղութիւն բերելու համար։
Գաթան Վանի մէջ կը կոչուէր տոնըլ։ Տոնըլի մէջ կը պահուէր լումայ մը կամ հացահատիկի հատիկ։ Ով որ կը գտնէր զայն, կը համարուէր այդ տարուան բախտաւորը։
Ամանորի առաւօտուն, փոքրերը կը վազէին տունէ տուն երգելով՝ «Տարին բարով, տունը՝ լոյսով, օջախը՝ կրակով» եւ կը ստանային չամիչ, լումայ կամ անուշեղէն։
ԶԷՅԹՈՒՆ (Կիլիկիա)
Զէյթունցիները Ամանորի առիթով կը զարդարէին իրենց տուները դափնիի եւ նարինջի ճիւղերով։ Նարինջը կը համարուէր աստուածային օրհնութեան նշան։
Ամանորեան սեղանին պարտադիր էր քաղցր բատմուկ, հալվա եւ թխուկներ:
Տան տարեցները կը պատմէին Նոր Տարուան առիթով առասպելներ ու հերոսական պատմութիւններ։
Որոշ գիւղերու մէջ կը գտնուի այս գեղեցիկ աւանդութիւնը. Հարսերը տարեվերջին փեսային կը նուիրեն ձեռագործ թաշկինակ, իսկ փեսան նուրբ ոսկեղէն կամ գօտի մը՝ տարին սիրով անցնելու ակնկալութեամբ:
ՇԻՐԱԿ
Շիրակի մէջ գաթան կը համարուէր «տօներու թագաւոր»։ Սեղանին կը դնէին նաեւ խորոված, թոնիրի հաց, չամիչով ու ընկոյզով ուտեստներ։
Շիրակցիները կը հաւատային, թէ տարուայ առաջին առաւօտը պէտք է դիմաւորել բացուած դռներով՝ որ «բարիքը ներս մտնէ»։
Երեխաները ամանորը կը շնորհաւորեն ըսելով՝
«Տարին բարով, տունը՝ առատութեամբ», եւ կը ստանան նուէրներ կամ քաղցրեղէն։
ԼՈՌԻ
Լոռեցիները աւանդաբար կը դնէին սեղանին մեղրով պատրաստուած հալվա, քաղցր եւ համերաշխ տարի մը ունենալու ցանկութեամբ:
Կը թխէին մեծ կլոր գաթա, որուն վրայ կը փորագրէին լոռիի նախշեր։
Ամանորի գիշերը զանգակներ կը ղօղանջէին, կամ երկու քար իրարու կը զարնէին՝ չար ոգիները հեռացնելու համար։
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան