ԾԵՐԱՆՈՑ
Այստեղ օրը
բաժնուած է դեղերով:
Ժամերը չեն ապրուիր –
կը խմուին՝ առանց սպասումի,
առանց ձայնի:
Յիշողութիւնները՝
կը սպասեն analize-ի,
ոչ թէ պատմուելու,
այլ չափուելու համար,
քանզի խօսքը այլեւս չի բաւեր
պատկերելու այն, ինչ թափուած է ներսը։
Կենսագրութիւնները
կծկուած են –
քանի մը հին լուսանկարներու մէջ,
դեղնած ժպիտներ, խամրած հայեացքներ,
մանկական պարզութեամբ։
Այստեղ մարդը՝
երբ կը դադրի ապրիլ անցեալին համար,
ուրեմն տեղատուութիւնը սկսած է –
ոչ թէ մարմնի,
այլ՝ յիշողութեան,
որ մերժած է ապաքինիլ,
բայց նստած է կողքիդ
լուռ, մշուշոտ հայեացքով,
մոռցած անգամ քեզ։
SUKLEEN
Ճամբեզրի կուտակուած աղբը,
Sukleen-ի անտարբերութեան խուլ հայելին է,
ուր ամէն օր կ’արտացոլէ
մեր լռութեան անշարժ կերպարը։
Բայց յեղափոխութիւնը
չի ծնիր դիզուած plastic տոպրակներէ,
ոչ ալ ճեղքուած շիշերէ,
կամ կիսատ թափուած պատառներէ։
Յեղափոխութիւնը կը սկսի
քու տան սեմին կուտակուած փոշին մաքրելով։
Այդ փոշին՝
չթափուած արցունքի պէս,
դուն՝ առաջինը պիտի սրբես։
Եւ միայն այդ ատեն
աշխարհը պիտի սկսի մաքրել ինքզինք,
եթէ ոչ ամբողջութեամբ,
բայց հաստատ՝ ներսէն դէպի դուրս։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ազատութիւնը թեւ չէ,
որուն լայնքը կը չափես երկինքով,
ոչ ալ բարձունք,
որուն գագաթէն կը դիտես աշխարհը:
Ազատութիւնը թռչելու կարողութիւն չէ միայն,
այլ՝ վերադառնալու կամքն է –
կեանքի քաոսին մէջ,
վերստին գտնելու ուղիդ,
առանց կորսնցնելու ինքնութիւնդ։
ԱԹՈՌԻ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Մենք կը նստինք,
կը ծանրանանք,
կը մոռնանք:
Բայց աթոռները,
ճաշարանի աննկատ պահապանները,
չեն գանգատիր մեր ծանրութենէն,
կը դիմանան,
ոչ թէ անշարժութենէն,
այլ որովհետեւ գիտեն,
գիշերը երբ լոյսերը կը մարեն,
եւ ամէն դգալ,
լուռ կը դառնայ դանակի մը մենութեան ստուեր,
իրենք պիտի խոնարհին անձայն,
ու պիտի շրջին գլխիվայր:
Հոն, մաքրութեան աւանդական պահուն,
կը հասնի դիմադրութեան իսկական պատիւը,
ուր չկան քիմքեր,
Քմահաճոյքներ:
Կան միայն աթոռներ՝ ծունկի եկած,
հպարտ ու յոգնած,
որ կը համբուրեն սեղաններուն լերկ երեսները:
Սարգիս Քէլ Խաչերեան