ՀԻՊՈԿՐԱՏԻ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ 
ՀԻՄՔԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հիպոկրատ կամ Հիպոկրատես կը համարուի բժշկութեան նախահայրը:
Հիպոկրատ բժշկութեան ինքնուրոյն զարգացման ուղին բացած է։ Անոր նշանաբանն է՝ բուժել մարմինը ամբողջութեամբ, ոչ թէ՝ մասամբ։ Հիպոկրատի երդումը կ’արտասանուի աշխարհի համարեա՛ բոլոր բժշկական համալսարաններու աւարտական հանդէսներու ընթացքին։
Հիպոկրատ մարդիկը բաժնած է չորս խումբի՝ յայտնելով որ իւրաքանչիւր խումբ որոշ հիւանդութիւններու հակում ունի։ Հիւանդութեան պատճառները բաժնած է երկու խումբի՝ ընդհանուր, գերազանցապէս արտաքին (կլիմայի, օդի, ջուրի եւ սնունդի ազդեցութեամբ), անհատական (տարիք, սեռ, սովորութիւններ, ժառանգականութիւն)։
Հիպոկրատ ուտելիքն ու բոյսերը կը բաժնէ իրենց գլխաւոր յատկութեան համապատասխան՝ տաք, պաղ, չոր եւ թաց։ Ան
կը շեշտէ, որ անոնք օգտակար եւ բարենպաստ են այնքան որքան մարզական վարժութիւնները:
Միւս կողմէ, հին յոյներու համաձայն, աշխարհը կազմուած է չորս տարրերէ՝ ջուրէ, հողէ, օդէ եւ կրակէ։ Ըստ յոյներու, այս չորս տարրերը կապուած են տարուան չորս եղանակներուն, մարդու չորս գլխաւոր յատկութիւններուն եւ չորս խառնուածքներուն:
Ինչպէս հին յունական իմաստասիրութիւնը, նոյնպէս ալ չինական դարմանումը հիմնուած է հինգ տարրերու սկզբունքին վրայ, փոխան յոյներու չորսին: Այդ հինգ տարրերը՝ կրակը, հողը, մետաղը, ջուրը եւ փայտը կը կանոնաւորեն բնութեան շնչաւոր եւ անշունչ բոլոր էակները, ինչպէս նաեւ կը բացատրեն բնութեան տեսանելի բոլոր երեւոյթները:
Այդ տարրերը կ’ազդեն, կը ներգործեն մէկը միւսին վրայ ու կը կրեն յաջորդական փոխակերպումներ:
-Փայտը կը սնուցանէ կրակը, կրակը ամէն ինչ կը փոխէ հողի, հողէն կը ծնի մետաղը, մետաղը կը յառաջացնէ ջուր պաղ մակերեսին հետ շփումով  եւ ջուրը ծնունդ կու տայ փայտին՝ թոյլ տալով բուսականութեան աճումին:
-Իւրաքանչիւր տարր կը համապատասխանէ մարդկային մարմնի մէկ գործարանին կամ մասին, տարուան մէկ եղանակին, մէկ համի, մէկ զգայարանքի, մէկ գոյնի եւ այլն:
-Փայտին կը համապատասխանեն՝ գարունը եւ կանաչ գոյնը, թթու համը, զայրացկոտ զգայնութիւնը եւ մարմնի մասերէն լեարդը, լեղապարկը, մկանակապերը եւ աչքերը:
Որպէսզի մարդ առողջ վիճակի մէջ գտնուի, պէտք է որ հինգ տարրերը հաւասարակշռուած ըլլան: Եթէ մէկը տիրական դառնայ, հիւանդութիւնը երեւան կու գայ: Չինացի վարպետ բժիշկներ այսպէս կը բացատրեն հիւանդութիւնը, անոր պատճառը փնտռելով հինգ տարրերու փոխազդեցութիւններուն մէջ: Օրինակ լեարդի խանգարումը (փայտ) կրնայ յառաջացած ըլլալ երիկամային անբաւարարութենէ (ջուր), մինչդեռ ստամոքսի տկարութեան (հող) պատճառը՝ փայտին (լեարդին) գերգրգռութիւնն է, կամ մետաղային (թոքերու) ուժի նուազումը:
Հաւասարակշռութիւնը առողջութեան գլխաւոր երաշխիքն է։
Եղէ՛ք առողջ ու հոգ տարէ՛ք ձեր մարմնին։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան
ԽՈՀԱԳԻՐ
Պրոքոլիով Ապուր
Բաղադրութիւն
350 կրամ կանաչ ծաղկակաղամբ (պրոքոլի)
2 ապուրի դգալ ձիթաիւղ
2 ա.դ. կարագ
1 գլուխ սոխ
2 պճեղ սխտոր
1 հաւու արգանակ (մաժի)
1 մեծ շիշ ճաշի սերուցք (creme fraiche)
2 ա.դ.  ալիւր
Իտալական պանիր
Աղ, սեւ պղպեղ, չոր հացի կտորներ
Պատրաստութիւն
Ծաղկակաղամբը փուռը եփել, վրան ձիթաիւղ ցանելէ ետք, մինչեւ որ քիչ մը կարմրի։ Կաթսայի մը մէջ դնել կարագը, ապա մանրուած սոխն ու սխտորը եւ թմրեցնել, ապա աւելցնել հաւու արգանակը։
Եփած պրոքոլին հարել հարիչով եւ հեղուկ վիճակի վերածուելէ ետք լեցնել կաթսայի խառնուրդին վրայ անընդհատ խառնելով եւ կրակը քիչ մը բարձրացնելով։ Այլ տապակի մը մէջ աւելցնել սերուցքն ու ալիւրը (կամ կաթով ու ալիւրով ճերմակ թացան պատրաստել), թանձրանալէն ետք պարպել կաթսային մէջ եփող բանջարեղէնին վրայ։ Լաւ մը խառնելէ ետք, աւելցնել տաշուած պանիրը ու շարունակել խառնել, մինչեւ որ պանիրը հալի ապուրին մէջ։ Աւարտին աւելցնել աղն ու սեւ պղպեղը։ Ապուրը լեցնել պնակին եւ զարդարել չոր հացիկներով։
Բարի ախորժակ։