Անկանխատեսելի շքեղութեամբ ու պերճանքի անիրական շունչով ողողուած էր հարսանեկան սրահը։ Երազային լոյսերու տակ փայլող մարգարիտեայ վարագոյրները կը ճառագայթէին նման ծովու փրփուրի, իսկ աստղածաղիկներով պատուած բեմը կը շնչէր այնպիսի փափուկ ճոխութիւն, որ միայն մեծահարուստ ընտանիքի յարկին տակ կարելի էր տեսնել։
Օդին մէջ ծաղիկներու բոյրը կը խառնուէր թանկագին օծանելիքներու բոյրին, եւ ամբողջ սրահը կը լեցուէր անհասանելի աշխարհի յաղթական վայելչութեամբ։
Բեմին վրայ երգիչը կը փորձէր ձայնը յարմարեցնել զգուշօրէն, որպէսզի չխախտէ այդ կոկիկ երազային միջավայրը։ Լուսանկարիչները կը ծածանէին իրենց կտրուկ լոյսերը, որոնց ծայրերը կը պարիսպուէին բիւրեղապակեայ սեղաններուն վրայ։
Հարսն ու փեսան, ճերմակի ու սեւի ճակատագրական հակադրութեամբ, կը սահէին իբրեւ բեմադրուած տեսարան մը՝ արժանի քաղաքին ամենահարուստ ընտանիքներու պերճախաղին։
Հարսը՝ Անին, երազի աղջիկ, աչքերը լեցուած մեղմ, անսահման լոյսով, բայց այդ լոյսին մէջ կայ նաեւ ինքնավստահութեան լպրծուն ծայրայեղութիւն։ Փոքր, խիստ բարձրացրած քիթը, նուրբ, բայց նշանաւոր ժպիտը, թեթեւսոլիկ հայեացքը՝ երբեմն հպարտ, երբեմն ինքնահաւան, կը մատնանշէին այն աղջկան, որ սորված էր խաղալ իր պերճանքով եւ դիրքով։ Ամէն շարժում, ամէն ժեստ ու ամէն հայեացք՝ մտածուած ու պատրաստ ազդելու սրահի ողջ մթնոլորտին վրայ։ Եւ երբ բոլորը կը հիանային իր անթերի կերպարին վրայ, սրահին դուռը կը բացուի եւ իրականութիւնը կը խուժէ ներս, վայրի քամիի մը նման։
Միջանցքին երկայնքով, յանկարծ տղամարդ մը կը յայտնուի՝ քրտնած ճակատով, աչքերը՝ փոթորկալից յամառութեամբ։ Ձեռքը՝ թաքուն պահած փոքր սփրէյ ներկ մը։ Ան ուղղակի կը կտրէ սրահին ճոխութիւնը։
Կը խոյանայ դէպի պարայատակ, եւ գերարագ, շունչ խլող շարժումով՝
կը գրէ մէկ բառ, որ կը պատռէ գիշերը՝ պոռնիկ։
Լռութիւն։
Լոյսերը կը կարծրանան օդին մէջ, երաժշտութիւնը անմիջապէս
կը դադրի նման շնչառութեան մը խեղդումին։ Պարողներու ժպիտները
կը սառին շփոթահար: Բայց այդ մէկ բառը, սփրէյի անախորժ հոտով, աւելի իրական ու ծանր կը դառնայ, քան սրահին ամբողջ շքեղութիւնը միասին։
Անիին հայրը՝ հաստ պարանոցով եւ միշտ արուեստական ժպիտով, առաջինը կը սթափի։
Ան մարդ մըն էր, որ իր ողջ կեանքը կուտակած էր միջոցներ, հարստութիւն եւ հասարակական պատիւի համար, իր դիրքը ոչինչ պէտք էր նուազեցնէ։ Նոյնիսկ ճշմարտութիւնը:
Կը մօտենայ, կը դատարկէ դրամով լի իր գրպանը, եւ ծանր տրցակ մը կը շպրտէ գրութեան վրայ։ Փողը կ’ոչնչացնէ բառին գոյութիւնը,
կը ծածկէ, կը շղարշէ, կը ջնջէ իրականութիւնը որքան հնարաւոր է։ Ճիշդ այնքան, որքան իրեն համար բաւարար էր «խնդիրը լուծուած համարելու»։
Սրահը կը վերադառնայ իր շքեղ խաբկանքին։
Բայց Անիին աչքերը չեն վերադառնար իրենց լոյսին։
Ան կը կանգնի՝ խլացած, անշարժ, եւ մէկ վայրկեան կը մոռնայ ծնողները, ամբողջ սրահը, փեսան՝ որ կը սեղմէ իր ձեռքը։ Այդ գրութիւնը, որ ծածկուած է դրամով, սակայն առկախուած է օդին մէջ կը բանայ դուռ մը դէպի յիշողութիւններ, դէպի չկատարուած խոստումներ:
Երկու տարի առաջ էր, ծածուկ սրճարան մը։ Անին նստած դիմացը իր սիրած տղուն՝ Հրաչին: Նոյն այդ տղուն, որուն հայրը քիչ առաջ ստուերի պէս ցնցեց ամբողջ հարսանիքը եւ որուն հետ ինք խոստում ըրած էր անզուսպ, անմիտ, անփորձ, երիտասարդական. «Ես քեզմէ զատ մէկու մը պիտի չսիրեմ Հրաչ… Մեզի համար մի՛ վախնար, մեր սէրը անկրկնելի է»։
Հրաչ մեկ տարիով պիտի բացակայէր արտերկիր՝ նոր փորձառութիւններ ձեռք բերելու համար, բայց ինչ որ պատճառով՝ կանուխ կը վերադառնայ։ Կ’ուզէ Անիին անակնկալ մը պատրաստել, սակայն ճակատագրի հեգնանքով կը տեսնէ Անին ուրիշ տղու մը հետ։ Ձեռքերուն խաչում, աչքերուն ջերմութիւն, այն ջերմութիւնը, որ պէտք էր իրեն ըլլար։
Կը յիշէ իր հօր խօսքերը. «Հեռու մնացիր, տղաս, իրենց ընտանիքը ուրիշ է, ուրիշ է խաղը, ուրիշ՝ գինը»։
Բայց ինք չէր հեռացած, վստահած էր Անիին, որ իր սէրը անկրկնելի էր։ Սակայն Հրաչին հայրը պատրաստ չէր ընդունելու ճակատագրի այս անակնկալը՝ որ հասներ իր տղուն:
Տեսնելով Հրաչին հոգեկան թրթռումները, լրջօրէն որոշած էր բացայայտել այն, ինչ երկար ժամանակ թաքցուած էր, եւ ճիշդ այդ պատճառով այս օր անձամբ մտաւ հարսանեկան սրահ։
Անիին հայրը գոհ, որ հարցը «լուծեց», կը վերադառնայ իր ոսկեգոյն սեղանը: Երգը կը բարձրանայ նոր թափով եւ սրահը կը թնդայ, ո՛չ երաժշտութենէն, այլ ճշմարտութենէն, որուն վրայ բոլորը կը պարեն։ Ճշմարտութիւն մը, որ միշտ կը գտնէ իր ձեւը, նոյնիսկ երբ կը ծածկուի դրամով։
Սարգիս Քէլ Խաչերեան