Արդեօ՞ք դուք ալ  կ’ուզէիք ցորենի հատիկ մը ըլլալ։
Ես  ցորենի հատիկ մըն եմ՝ մեծ անդաստանի մը մէջ։ Ամէն օր հողագործը կու գայ եւ կը հերկէ հողը։ Օրս կ’անցընեմ  արեւի շողին տակ, անուշ հովին ուղղութեան հետ շարժելով եւ ընկերներուս հետ ժամանակ անցընելով։ Ամիս մը առաջ արեւոտ օր մըն էր, երբ հողագործը որոշեց իր բերքը հնձել եւ զիս բաժնեց ընկերներէս։ Տխուր վիճակ մը ունէի, բայց նոյն ատեն ուրախ, որովհետեւ պիտի դառնայի ալիւր եւ ժողովուրդին օգտակար սնունդ։
Հողագործը ինծի եւ մնացած հատիկներուն յանձնեց ալիւրի գործարանին։ Այստեղ պատմութիւնս սկսաւ, երբ բոլորս անակնկալօրէն մեքենային մէջ տեղադրուեցանք։ Ես եւ մտերիմ ընկերս հանդիպեցանք իրարու։ Ուրախութիւնս չէր բացատրուեր։ Զոյգ փափաքներս իրականացան։
Երբ ալիւրի տոպրակին մէջ դրուեցանք ես եւ ընկերս կը մտածէինք, թէ ի՛նչ պիտի դառնանք, ո՛վ  մեզ պիտի օգտագործէ, ո՛ւր պիտի փոխադրուինք։
Քանի մը օր ետք, մեր տոպրակը փոխադրուեցաւ նպարավաճառի մը խանութ, ուր համեստ կին մը մեզ գնեց եւ ուրախութեամբ յայտնեց, որ մենք պիտի դառնանք համեղ կարկանդակ մը։
Կարկանդակը  պատրաստուած ատեն մեր ուրախութիւնը բազմապատկուեցաւ, երբ իմացանք, որ մայրը եւ իր փոքիկները միասնաբար պիտի պատրաստեն զայն։ Մանուկներուն ուրախութիւնը անսահման էր։
Կարկանդակը պատրաստուելէ ետք, մանուկները զարդարեցին մեզ գեղեցիկ շաքարներով։ Յետոյ, անակնկալօրէն աղմուկ մը լսեցինք։ Այո՛, փոքրիկներէն մէկուն տարեդարձն էր եւ անոր ընկերները հաւաքուած էին միասնաբար տօնելու։ Այդ վարկեանին իմ եւ ընկերոջս զգացումները անբացատրելի էին։ Ո՞վ  կ’երեւակայէր, որ ես՝ ցորենի հատիկ մը, պատճառ պիտի դառնամ շատ մը փոքրիկներու ուրախութեան, համեղ կարկանդակ մը դառնալով եւ բոլոր փոքրիկներն ու իրենց մայրիկները պիտի ուզեն համտեսել զիս։
Իսկ դուք ի՞նչ տպաւորութիւն կ’ունենայիք այս պատկերը տեսնելէ ետք։
Անի Պուղուրեան՝
Շարադրութեան դասընթացքի մասնակից