ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԻՆԸ
ԿՈԼԵՐՈՎ ԶԻՋԵՑԱՒ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԻՆ

Աշխարհի առաջնութեան ընտրական մրցաշարքի վերջին փուլին, Հայաստանի հաւաքականը Պորտոյի մէջ 9 – 1 արդիւնքով կրեց ծանր պարտութիւն մը՝ զիջելով հիւրընկալ Փորթուկալին: 7-րդ վայրկեանին, Սպանիոյ Վիլառէալի պաշտպան Ռենատու Վեյգան կատարեց կոլերու բացումը, որմէ տասը վայրկեան ետք Եդուարդ Սպերցեան կրցաւ նշանակել Հայաստանի միակ կոլը եւ հաւասար դարձնել արդիւնքը: 28-րդ վայրկեանին, Արարատ-Արմենիոյ 22-ամեայ յարձակող Արթուր Սերոբեանի կատարած սխալէն օգտուելով, ֆրանսական Փարիզ Սան Ժերմանի խաղցող Կոնզալո Ռամոս կոլ մը արձանագրելով կրկնապատկեց արդիւնքը, որմէ երկու վայրկեան անց, Փարիզ Սան Ժերմանի կիսապաշտպան Ժոաու Նեւես նշանակեց դաշտին տիրելու երրորդ կոլը։ Նոյն խաղցողը 42-րդ վայրկեանին արձանագրեց խումբին չորրորդ կոլը: Առաջին խաղակիսու յաւելեալ ժամուն, անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտի 31-ամեայ կիսապաշտպան Պրունո Ֆերնանտէզ տուգանային հարուածով նշանակեց 5-րդը: 52-րդ վայրկեանին, Պրունո Ֆերնանտէզ կրկին անգամ ցնցեց Հայաստանի հաւաքականի դարպասը: 72-րդ վայրկեանին, տուգանային հարուածով ան յաջողեցաւ արձանագրել իր անհատական երրորդ եւ խումբի 7-րդ կոլը: Ժոաու Նեւես եւս յաջողեցաւ երեք կոլերով ցնցել Հենրի Աւագեանի դարպասը: Յաւելեալ երկրորդ վայրկեանին, Իւվենթուսի յարձակող Ֆրանսիսքո Քոնսէյսաու կոլերու փակումը կատարեց:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆ Է
ՎԱՐՁԱԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ ՏԱԼ ԷՆՏՐԻՔԸ ԼԻՈՆԻՆ

Սպանական «Ֆութպոլ Սպանիա» լրատուամիջոցը յայտարարեց, որ Ռէալ Մատրիտի վարչութիւնը համաձայնած է վարձակալութեան համաձայնագիրով մը պրազիլցի խաղցող Էնտրիքը տալ ֆրանսական Օլոմփիք Լիոնին: Կող-մերը համաձայնած են ձմեռնային փոխադրաշրջանին իրականացնել նշուած փոխանցումը: 19-ամեայ Էնտրիքը այս տարեշրջանին Չաւի Ալոնսոյի գլխաւորութեամբ ոչ մէկ վայրկեան մասնակցութիւն բերաւ մայրաքաղաքի խումբին: Ան մէկուկէս տարի առաջ Փալմիրասէն մեկնելով միացաւ Ռէալ Մատրիտին. անցեալ տարեշրջանին քանի մը առիթներով իր մասնակցութիւնը բերաւ խումբի մրցումներուն, սակայն ցայսօր ան կը փափաքի մաս կազմել մրցումներուն աւելի երկար ժամկէտով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան