ԲՈՅՍԵՐՈՎ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ԾԱԳՈՒՄԸ
 Բոյսերով բժշկութիւնը հիւսիսային Եգիպտոսի, չինացիներու, Արաբական Աշխարհի փորձառութեանց բազմահազար փուլերէն անցնելով հասած է մինչեւ մեր օրերը։ Այսօր մարդը աւելի հմուտ է, իրազեկ՝ քանի մը հարիւր բոյսերու բաղադրութեան ու բուժիչ յատկութեան:
Բնութիւնը մեզ շրջապատող իսկական դեղարան մըն է: Բոյսերը մարդու առողջապահութեան, ուժեղացման եւ վերականգնումին համար ստեղծուած են, «Չկայ բուժիչ յատկութենէ զուրկ բոյս, այնպէս ինչպէս չկայ անբուժելի հիւանդութիւն», ըսած է հայրենի բուսաբան Էլմիրա Ղուկասեան:
Բոյսերու մասին խորհուրդներ կը գտնենք հին բժիշկներ Հիփոքրատի, Դիասգորիտի, Կալիընի, Աւիսընի եւ ուրիշներու ուսումնասիրութիւններուն մէջ՝ Հնդկաստանէն Եգիպտոս, Յունաստանէն Արաբական Աշխարհ, հասնելով հին Հայաստան:
Հայ բժիշկներ յոյն եւ բիւզանդացի բժիշկներու հետ մեծ դեր ունեցած են հին բժշկութեան տարածման մէջ: Հայաստան նոյնիսկ հռչակաւոր դարձած է իր դեղաբոյսերով: Հին հայ բժիշկներու արձանագրութիւններէն մեզի կարեւոր տեղեկութիւններ հասած են: Հայ բժիշկներէն յիշենք՝ Ամիրտովլաթ Ամասիացին, Մխիթար Հերացին, Գրիգոր Մագիստրոսը, Անանիա Շիրակացին, Եզնիկ Կողբացին եւ Դաւիթ Անյաղթը:
Օրըստօրէ կը բազմանայ այլատեսակ արհեստական, քիմիական դեղերու արտադրութիւնը: Այս դեղերը, սակայն, հակառակ իրենց օգտակարութեան, ի յայտ կը բերեն կողմնակի ազդեցութիւններ: Բոյսերը չունին կողմնակի ազդեցութիւններ, աւելին՝ անոնք մեր բջիջներու կառոյցին հետ բազմաթիւ նմանութիւններ ունին:
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին շուրջ 320.000 բոյսեր, որոնց 80%-ը, այսինքն՝ 255.000-ը, ծաղկող տեսակ է:
1986-ին Ֆրանսայի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը պաշտօնապէս ընդունած է բուսաբուժութիւնը որպէս բժշկական իւրայատուկ ձեւ:
ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻԻ ԿԵԱՆՔԷՆ
Գիշեր մը, երբ մեծ բժշկապետը Մխիթար Հերացի իր սենեակին առանձնութեան մէջ ինքնամոռացութեամբ կ’ուսումնասիրէր զանազան բոյսեր, որոնց օգտագործումը բժշկութեան մէջ «կենսական» կը համարուէր, յանկարծ դուռը թակուեցաւ։ Հերացին անմիջապէս կանթեղը առաւ եւ դուռը բացաւ։
Դռան սեմին կեցած էր օտարական մը։
Օտարականը. «Ներէ՛, բժի՛շկ, որ այսպիսի անպատեհ ժամու մը քեզ կ’անհանգստացնեմ։ Հեռո՜ւներէն կու գամ եւ քու բարի, օգտաշատ խորհուրդներուն պէտք ունիմ», կ’ըսէ։
Մխիթար Հերացին նախ կը կարծէ, թէ եկողը սովորական հիւանդ մըն է եւ անմիջապէս ներս կը հրամցնէ օտարականը։
Երբ կը նստի օտարականը, Հերացին կը սկսի հարցուփորձել անոր առողջութեան մասին։
«Ես հիւանդ չեմ, բժի՛շկ, ես մօտդ եկած եմ քեզի երեք հարցում ուղղելու համար։ Եթէ թոյլ տաս՝ հարցնեմ», կ’ըսէ օտարականը։
«Պատրա՛ստ եմ լսելու», կը պատասխանէ բժշկապետը, եւ
կը շարունակէ. «խօսէ՛ եւ հարցուր ի՛նչ որ կը փափաքիս»։
Առաջին հարցումը կ’ուղղէ օտարականը.
«Ըսէ՛ ինծի, բժի՛շկ, ինչի՞ մէջ կը կայանայ քու բժշկութեանդ գաղտնիքը»։
«Իմ բժշկութիւնս ոչ մէկ գաղտնիք ունի», կը պատասխանէ Հերացին. «Իմ բժշկութիւնս սէր է, սէր՝ մարդոց հանդէպ»։
Օտարականը երկրորդ անգամ կը հարցնէ.
«Ըսէ ինծի, դժուա՞ր է բժիշկի մը պարտականութիւնը»։
Հերացին կը պատասխանէ.
«Բժիշկներուն աշխատանքը դժուա՛ր է, երբեմն չափազանց դժուար։ Բայց բժշկութիւնը պարտականութիւն չէ, զաւա՛կս, բժշկութիւնը ամէնէն առաջ ԿՈՉՈ՛ՒՄ է եւ ԽԻ՛ՂՃ»։
«Վերջին հարցում մըն ալ, բժի՛շկ», ըսաւ օտարականը. «Զիս քովդ չե՞ս առներ որպէս աշակերտ»։
«Քու երրորդ հարցումիդ ես չեմ կրնար պատասխանել, մինչեւ որ դուն չպատասխանես իմ սա հարցումիս։ Ըսէ ինծի. հիւանդի մը համար դուն կրնա՞ս ամէն ինչէ զրկել ինքզինքդ։ Կրնա՞ս հանապազօրեայ հացի փոխարէն հիւանդի մը համար դեղ գնել, կրնա՞ս անքուն գիշերներ անցընել անոր անկողնին քով՝ մոռնալով քու մերձաւորդ։ Եւ վերջապէս դուն կրնա՞ս միանգամընդմիշտ ընդունիլ որ բժիշկի մը աշխատանքը միայն պարտականութիւն չէ՛, այլ անհո՜ւն սէր մարդոց հանդէպ, համակ նուիրում եւ սրբազան գործ։ Եթէ ազնիւ մարդ ես, ըսէ՛ ինծի ճշմարտութիւնը»։
Օտարականը շփոթեցաւ. «Ես… ես ազնիւ մարդ եմ, բժիշկ», ըսաւ ան, «ես չեմ կրնար խաբել քեզ։ Աւելի լա՛ւ է որ ես շարունակեմ զբաղիլ իմ արհեստով՝ տակառագործութեամբ»։
Մխիթար Հերացին, մեծ մարդասէրը եւ բժիշկը, մօտեցաւ, գրկեց օտարականը եւ ըսաւ.
«Ապրի՛ս, զաւա՛կս, դուն այս վայրկեանիս ապացուցիր, որ խղճամիտ մարդ ես, հրաժարեցար ապագային յանցագործ դառնալէ»։
Օտարականը ներողութիւն խնդրեց եւ մեկնեցաւ, իսկ Մխիթար Հերացին որ իրապէ՛ս համակ նուիրում եւ սէր ունէր մարդոց նկատմամբ, կրկին խորասուզուեցաւ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան