Երբ ամավերջի զանգը հնչեց, խառն զգացումներ պատեցին հոգիս, մերթ ուրախ, մերթ յուզուած էի․․․ Իբրեւ աշակերտ հրաժեշտ պիտի տայի իմ շատ սիրելի դպրոցին, սակայն միաժամանակ պիտի խոստանայի ծառայել որպէս շրջանաւարտ՝ դպրոցիս Շրջանաւարտից Միութեան ճամբով:
Որախութեամբ սպասեցի կեանքիս նոր հանգրուանին՝ երբ համալսարանի ուսանող պիտի դառնայի․ երազ մը, որուն իրականացման քայլերը Ճեմարանի մէջ գծուեցան։

Պատմեմ թէ ինչպէ՛ս որոշեցի հետեւիլ երազանքիս… Տեսուչը թելադրեց համախմբուիլ դպրոցի շրջափակէն ներս տեղեկանք ստանալու համար համալսարանական ճիւղերու մասին։ Մասնագէտ հիւրերը սկսան ներկայացնել իրենց մասնագիտութեան մասին տեղեկութիւններ եւ ցուցմունքներ, բայց ես մտովին երկխօսութեան սկսած էի՝ արդեօք շրջապատիս կարծիքին հետեւելով հոգեբանութի՞ւն ուսանիմ, թէ՞ իմ երազը իրականացնեմ եւ իրաւաբանութեան ճիւղը ընտրեմ։

Մինչ ես այս մտմտուքին մէջ էի, ճիւղեր ներկայացնողներէն մէկը յայտնեց, որ ինք երազած ճիւղը դժբախտաբար չէ ընտրած եւ իր միտքին մէկ անկիւնը միշտ ալ տխրութիւն մը թաքնուած է։ Այդ խօսքը խրախուսեց զիս երթալու երազիս ետեւէն, որպէսզի ապագային այդպէս չցաւիմ։ Որոշեցի փաստաբանութեան ճիւղը ընտրել։ Աչքերս սրած եւ ականջներս բացած կը դիտէի ու կը լսէի հանդիպումին ներկայ փաստաբաներուն թելաթրանքներն ու քաջալերական խօսքերը:

Արդիւնքներու հրապարակումով քայլ մը աւելի մօտեցայ երազիս եւ անդամակցեցայ Հալէպի Իրաւաբանական համալսարանին։
Ջանքս պիտի թափեմ, որ չորս տարի վերջ կրեմ փաստաբանի տիտղոսը եւ երազս իրականացած տեսնեմ։ Կը մաղթեմ, որ դուք ալ ձեր երազները իրականացնէք…։

Սելա Ասթարճեան