ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԱՔՐԵԼ ԽՈՀԱՆՈՑԻ
ԿԱՀՈՅՔԸ ԻՒՂՈՏ ՀԵՏՔԵՐԷ
Խոհանոցի կահոյքը ժամանակի ընթացքին կ’աղտոտի, որովհետեւ այնտեղ կը պատրաստուին ուտեստներ, որոնց հետքը դժուար է ջնջել, որովհետեւ ամուր սրբելով կամ որոշ քիմիական դեղեր օգտագործելով կահոյքը կը վնասուի։ Սակայն կարելի է դիւրաւ մաքրել կահոյքը հետեւելով հետեւեալ միջոցներուն.
Ձեզի անհրաժեշտ է
2 ճաշի դգալ արեւածաղիկի ձէթ
2 ճաշի դգալ սնունդի յատուկ սոտա
Ինչպէ՞ս մաքրել
1. Խառնեցէ՛ք սոտան եւ արեւածաղիկի ձէթը, մինչեւ որ միատարր զանգուած մը յառաջանայ։
2. Փափուկ սպունգի կամ կտորի օգնութեամբ քսեցէ՛ք խառնուրդը կահոյքի աղտոտած մասերուն վրայ։ Քիչ մը շփելէ ետք, ձգեցէ՛ք այդպէս 30 վայրկեան։
3. 30 վայրկեան վերջ այլ սպունգով մը մաքրեցէ՛ք կահոյքը՝ հաւաքելու համար յառաջացած աղտը։
4. Եթէ աղտը ամբողջովին չանցաւ, անգամ մը եւս կրկնեցէ՛ք այս գործողութիւնը։
ՄԱՇԿԻ ԽՆԱՄՔ
Բնականաբար խանութներու մէջ չեն պակսիր մաշկի խնամքի քսուկներն ու դեղերը, սակայն շատեր կը նախընտրեն տունը պատրաստուած մաշկի դիմակները, զերծ պահելու իրենց մաշկը քիմիական նիւթերէ։
Արտաքին տեսքին հոգ տանելը կարեւոր է բոլոր տարիքներուն համար։ Ոմանք կը կարծեն, թէ միայն երիտասարդները պէտք է խնամեն իրենց արտաքինը։ Այս համոզումը սխալ է։ Ստորեւ ներկայացուած դիմակը շատ դիւրին կիրարկելի է եւ յարմար բոլոր տարիքներու համար։ Ան
կը մաքրէ եւ կը փայլեցնէ մորթը։ Դիմակը գործածելէ առաջ պէտք է անպայման մաշկը լուալ, որ մաքուր ըլլայ։ Դիմակը պէտք է տարածել նրբութեամբ ամբողջ դէմքին, բացի աչքերու շուրջի տարածքէն։
Դիմակի բաղադրութիւն
1 փոքր հաւկիթ
1 ճաշի դգալ սուրճ
1 թէյի դգալ մեղր
1 ճաշի դգալ խտացուած մածուն
Բոլորը խառնեցէ՛ք, քսեցէ՛ք դէմքին եւ սպասեցէ՛ք մինչեւ չորնայ։15 վայրկեան մաշկին վրայ ձգեցէ՛ք զայն, առանց խօսելու կամ ծիծաղելու, որովհետեւ մաշկը կը քաշուի։ Լուացէ՛ք ձեր դէմքը գաղջ ջուրով եւ խոնաւցնող քրեմով շփեցէ՛ք մաշկը։ Քանի մը վայրկեան վերջ կրկին լուացէ՛ք ձեր դէմքը ու պիտի տեսնէք, թէ մաշկը որքան մաքուր եւ փափուկ դարձաւ։
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՈՒՏԵՍՏ ՆԱԽԱՃԱՇԻ ՀԱՄԱՐ
Բաղադրութիւն
-2 կտոր կամ աւելի ֆրանսական հաց
-2 հաւկիթ
-100 կրամ հաւու փափուկ խաշած միս կամ խոզապուխտ
-50 կրամ իտալական պանիր
-2 ճ/դ մայոնէզ
-1 ճ/դ մանանեխ (մութարտ)
-5 դգալ մանրուած ազատքեղ
-Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
1. Հացիկներու շերտերուն փափուկ մասը հանել՝ ձգել սրտիկի հետքը:
2. Տապակին մէջ նախ քիչ մը բուսաիւղ կամ կարագ դնել, աւելցնել հացերը, կրակը ցած պահել, որպէսզի չայրին, տապակը տաքնալէն ետք իւրաքանչիւր հացիկի մէջտեղը հաւկիթ մը կտրել ու լեցնել պարապութիւնը:
3. Վրան մանր կտրտուած խոզապուխտը կամ հաւու միսը եւ քերուած իտալական պանիրը լեցնել:
4. Տապակին կափարիչը գոցել քանի մը վայրկեան, որպէսզի պանիրը հալի։ Կարելի է նաեւ փուռին մէջ եփել, վրան քիչ մը կարմրցնելով։
5. Մանանեխը, մայոնէզը եւ ազատքեղը խառնել եւ մատուցել թացանի փոխարէն:


