Գիւղատնտեսութեան նախարար Ամճատ Պատր Երեքշաբթի,4 Նոյեմբերին Դամասկոսի նախարարութեան յարկին տակ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան ղեկավար Ստեփան Սագալեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուող մարդասիրական ու զարգացման ծրագրերու եւ նախագիծերու իրավիճակը։
Նախարար Պատր շեշտեց Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հետ շարունակական գործակցութեան կարեւորութիւնը գիւղատնտեսական և մարդասիրական նախագիծերու իրականացման համար՝ ընդգծելով կայուն լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը, որոնք կրնան նպաստել հողագործներու եւ անասնապահներու պայմաններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ պարենային ապավոհութեան բարձրացման՝ գիւղատնտեսութեան եւ անասնապահութեան ոլորտը համարելով ազգային տնտեսութեան հիմնական յենասիւներէն մէկը։
Իր կարգին, Սագալեան յայտնեց, որ յաջորդ փուլին կը սկսին կենսապահովման միջոցներու գնահատման նախագիծեր՝ նախարարութեան հետ գործակցութեամբ, եւ գիւղական համայնքներու համար տեքնիք եւ լոկիստիք աջակցութեան ընդլայնում, որ համապատասխան պիտի ըլլայ գիւղատնտեսական արտադրութեան զարգացման եւ վերականգնումի աշխատանքներուն։