Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ Քերոլայն Լեւիտ յայտարարեց, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յառաջիկայ Երկուշաբթի Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի հետ՝ աւելցնելով, որ այս հանդիպումը աշխարհի տարածքին խաղաղութեան հաստատման ձգտող նախագահ Թրամփի դիւանագիտական ջանքերուն մէկ արտայայտութիւնն է։ Այս մասին յայտնեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը։
«Երբ նախագահ Թրամփ Միջին Արեւելք այցելեց, պատմական որոշում գոյացուց չեղարկելու Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները՝ Սուրիոյ խաղաղութեան իսկական կարելիութիւն շնորհելու համար․ կը կարծեմ, որ մենք այս իմաստով դրական յառաջընթաց նկատեցինք երկրի նոր ղեկավարութեան օրոք», ըսաւ Լեւիթ՝ 4 Նոյեմբերին կատարած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ըստ Սպիտակ տան X հարթակի վրայ հրապարակուած տեղեկութեան։ Ան շեշտեց նաեւ, որ նախագահ Թրամփ կը հետեւի նախագահ աշ-Շարաաի ծանր աշխատանքին։
Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի 3 Նոյեմբերին «Մանամայի երկխօսութիւն-2025» խորհրդաժողովի մասնակցութեան ընթացքին յայտարարած էր, որ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Ամերիկայի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, իսկ այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ վերակառուցումը պիտի դառնայ իր քննարկումներու հիմնական օրակարգերէն մէկը։
Նախագահ աշ-Շարաա անցնող Սեպտեմբեր ամսուն այցելած էր Նիւ Եորք՝ մասնակցելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհ․ ժողովի ութսուներորդ նստաշրջանի նիստերուն, որոնց ընթացքին հանդիպումներ ունեցած էր մասնակից երկիրներու շարք մը առաջնորդներու եւ ներկայացուցիչներու հետ։