Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Սեւանայ լիճին մասին կատարած յայտարարութեան։ ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակը համապատասխան գրառումը կատարած է Դիմատետրի իր էջին վրայ։
«Եթէ բաւական անցեալ երթանք, ինչ-որ մէկ կէտի մէջ իրօք հին քարտէզներուն մէջ չենք տեսներ Սեւան անուանումը: Փոխարէնը կը տեսնենք Գեղամայ ծով կամ Գեղարքունեաց ծով: Ու չենք տեսներ Ատրպէյճան: Բայց ետ երթալու իմաստ չկայ ընդհանրապէս: Պէտք է յառաջ երթալ: 8 Օգոստոսի հռչակագիրի ամբողջ իմաստը ատիկա է», գրած է Ռուբէն Ռուբինեան:
Ատրպէյճանի նախագահը Երէկ յայտարարած էր, թէ 20-րդ դարու սկիզբի ռուսական հին կայսերական քարտէզները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ այսօրուան Հայաստանի տարածքին գրեթէ բոլոր տեղանունները ատրպէյճանական ծագում ունին։
«Սեւանայ լիճ չկայ, բայց կայ Քէոչա լիճ։ Այդ քարտէզները մենք չենք կազմած, անոնք կազմած է ցարական Ռուսիան, որ ժամանակին Իրանէն եւ Արեւելեան Անատոլիայէն հայեր վերաբնակեցուցած է Ղարաբաղ՝ ցեղային կազմը փոխելու համար»,ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։