Այս տարի՝ 2025-ին, կը լրանայ Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրման 115-ամեակը։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) կիներու ոչ-կառվարական, ոչ-դաւանական, հասարակական, բարեսիրական, համահայկական կազմակերպութիւն է, որ իր մեծագոյն նպաստը կը բերէ հայ ժողովուրդի կարիքները կամաւոր, մարդասիրական եւ ընկերային հիմքերով հոգալու գործընթացին:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնադրուած է 1910-ին, Նիւ Եորք, հասարակական, քաղաքական գործիչ Խաչատուր Մալումեանի (Ակնունի) ջանքերով: Այսօր ՀՕՄ-ը կը գործէ 26 երկիրներու մէջ եւ ունի աւելի քան 15․000 անդամ: ՀՕՄ-ը 1975 թուականէն կ՛անդամակցի ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին /ECOSOC/, Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւնների Հանրային Տեղեկատուութեան բաժինին, Կանանց Կարգավիճակի Հարցերով Յանձնախումբին /CSW-Commission on the Status of Women/, Խորհրդաժողովներու Յանձնախումբին /CoNGO-Conference of NGO/, ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամին /UNICEF/, HIV/AIDS-ի յատուկ յանձնախումբին:

ՀՕՄ-ի 115-ամեակին առիթով այս ընթացքին ձեռնարկներ, նոր ծրագրեր տեղի կ՛ունենան աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ։ Նախորդիւ գրած էինք ՀՕՄ-ի իրականացուցած՝ «Յուսոյ տուն» ծրագիրի մասին, որուն շնորհիւ Արցախէն բռնի տեղահանուած 10 ընտանիք նոր տուներու մէջ բնակելու կալեիութիւն ստացած է։ Օրերս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով յայտնեց․ «Մեր սեփական հայրենիքի մէջ, մեր սուրբ հողի վրայ, միախմբուած՝ որպէս ջահակիրները ՀՕՄ-ի հիմնադիրներուն, եկած ենք 115 տարի յետոյ, կրկին մեր ժողովուրդին աւետելու, որ մենք տակաւին այստեղ ենք, կանգուն ենք ինչպէս Մասիսը, մենք տակաւին կը մարտնչենք, տակաւին կը գործենք եւ անխոնջ կը ծառայենք մեր ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար»։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւս ելոյթ ունենալով հանդիսութեան ընթացքին շեշտեց․ «Ժողովուրդիս հետ եւ ժողովուրդիս համար․ այս ըսելով՝ ՀՕՄ-ը նկատի չունէր, որ այդ ժողովուրդը միայն Հայաստանի ժողովուրդն է։ Ան նկատի ունէր, որ այդ ժողովուրդը համայն հայութիւնն է։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն տարանջատել մեզ՝ ասելով, որ հայ ժողովուրդը Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդն է, ասիկա ոչ այլ ինչ է, քան պառակտում։ Եւ այդ պառակտման պտուղները կը կործանեն, իսկ միութեան պտուղները մեր զօրութիւնը, մեր յաւերժութիւնն են։ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը այսօր շատ աւելի կարեւոր է։ ՀՕՄ-ը այսօր, այո՛, պէտք է հայութեան բոլոր հատուածները իրար կապելով յստակ արտայայտէ այն պարզ գաղափարը, որ մեր միութեան հիմքը մեր ազգասիրութիւնն է եւ գթասրտութիւնը, ինչ որ բնորոշ է ՀՕՄ-ին եւ ամէն ՀՕՄուհիի։ Եւ այս ազգասիրութիւնն ու գթասրտութիւնն են, որոնք այսօր մեզ պէտք են որպէսզի կարենանք միաւորել մեր ողջ ազգը, յաղթահարենք այն մարտահրաւէրները, որոնք այսօր մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած են»։
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատեապետուհի Մարո Քէշիշեան ընդգծեց՝ ՀՕՄ-ուհիներու անխոնջ աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը տուած են իրենց պտուղները․ բազմաթիւ ծրագրեր կեանքի կոչուած են ՀՕՄ-ուհիներու գթասրտութեան ու նուիրումին շնորհիւ։ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատեապետուհին շեշտեց՝ թէեւ այո՛, դժուար օրերու մէջ կ՛ապրինք, բայց լուսաւոր օրեր դեռ պիտի գան։ «Վստա՛հ եղէք, որ մօտ է գալուստը մեր բոլորին սպասած պայծառ արշալոյսին։ Կեցցէ՛ ՀՕՄ-ը եւ կեցցեն անոր ծառայող նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիները»,- եզրափակեց Մարո Քէշիշեան։

Յասմիկ Պալէեան