Այսօր, երբ մեր ամէնօրեայ լուրերու մեծ մասը կը ստանանք ընկերային ցանցերէն՝ ինչպէս Facebook, Instagram, YouTube, Telegram, TikTok, Threads, WhatsApp եւ այլ Messengerներ, առ աւելի կը դժուարանանք հասկնալու՝ արդեօք մեր լսածն ու կարդացածը ճշմարտութի՞ւն են, թէ՞ կեղծ լուրեր (fake news)։ Կեղծ պատկերը, ձայնագրութիւնը եւ տեսանիւթը երբեմն այնքան համոզիչ կը թուին, որ նոյնիսկ զգօն մարդը կրնայ խաբուիլ։
Ահա 9 գործնական ցուցմունքեր, որոնք կրնան օգնել զանազանելու իրականը կեղծէն։
1- Նախ Ստուգէ՛ Ժամանակն ու Վայրը։
* Տես, թէ երբ հրապարակուած է նիւթը։ Հին տեսանիւթ մը կրնայ նոր պատահար մը ներկայացնել՝ շփոթ ստեղծելով։ Երբեմն նենգաբար թուականը մանրատառ կը գրուի կամ պահուած։ Ծանօթի մահազդ մը ութը տարիներ ետք, մէկ լայքով կրկին կ’իջնէ ՖՊ-ի շրջանառութեան։ Ոմանք չէին գիտեր որ Անին ողորմած է շատոնց, իսկ գիտցողը կը շշմի անոր երկրորդ մահուամբ։
* Ուշադրութիւն դարձո՛ւր վայրին. կեղծ նիւթերը յաճախ կը ցուցադրեն տարբեր տեղ, քաղաք, երկիր, ցամաքամաս քան իրականը։ Իրաքի մէջ 1988ի պայթում մը դիւրաւ կարելի է օգտագործել իբրեւ Լիբանանի մէջ 1997ին տեղի ունեցած դէպք։
* Փորձէ՛ գտնել պատկերին կամ տեսանիւթին իսկական աղբիւրը՝ օգտագործելով Google Images-ի հակադարձ որոնումը (reverse image search)։ Պատկերը կը բեռցնես, ծրագիրը կը փնտռէ բունը, եթէ կայ։
2- Մի՛ Հաւատար Անմիջապէս-Նոյնիսկ Եթէ Ուղարկողը Ընկերդ է։
* Ամենահաւաստի բարեկամդ կրնայ անզգալաբար կեղծ նիւթ մը տարածել։ Ընկերդ միջնորդ կը դառնայ իր անուշադրութեան կամ միամտութեան հետեւանքով։ Կասկածելի նիւթերը ընդհանրապէս կ’ունենան ցնցիչ ձայն եւ վառ գունաւորում սաստելու ազդը։ Օրինակ, տարեց, այժմ ողջ երգչուհի՝ Ֆէյրուզի մահուան երկար սպասուած բօթը տարածել, դիտում, like եւ follower վաստակելու համար։ Լսեցի՞ք, խեղճը Նոյեմբերին 90 տարեկան պիտի ըլլար…
* Երբ լուրը կու գայ ընկերոջ, ազգականի կամ վստահելի մարդու կողմէ, մի՛ ենթադրեր, թէ անիկա պարտադրաբար ճշմարիտ է։ Յաճախ գրաւիչ բայց խաբուսիկ նիւթեր դիւրաւ ուշադրութիւն կը գրաւեն քանի որ պատրաստողը մասնագէտ է, կարող է մարդու ընկալումը մոլորեցնել։ Օրինակ, reel-ի կամ story-ի մը մէջ հանդիպիլ երկրաշարժ տեղի ունենալու ստոյգ թուականի մը, 28 Դոկտ. 2026, կէսօրէ ետք ժամը 4։00 -Իրա՞ւ է։ -Հապա, Հոլլանտացի մարգարէն ըսեր է, Դամասկոս պիտի զարնէ եղեր այս անգամ։
* Կղերականի նամակաբերէն ձեզի կը հասնի կապոյտ կապ (link), որ վիրուս է, եւ կոյր վստահութեամբ սեղմելով՝ կապը ձեզ կը տանի դէպի վրանբաց կայք. կղերը լուր իսկ չունի եղածէն։ Գաղտնաբառը յաճախ փոխել է հարկաւոր։
* Երբեք պարտադիր չէ ՖՊի հաշուի նկարին իսկական ըլլալը, նոյնիսկ կրնայ մարդու լուսանկար չըլլալ, դուռը բանալով fake account-ներու։ Գաղտնիք մը չէ որ գոյ է կեղծ հաշիւներու զուգահեռ տիեզերք մը (parallel universe): Բացասական լուր տարածողները unfollow, unfriend, restrict, snooze կամ block ընելը սխալ չէ։
* Պէտք է ստուգել լրագրողին, յօդուածագիրին, նկարողին, խմբագիրին, YouTuberին, Bloggerին, Vloggerին, influencerին, պարունակութիւն արտադրողին (content creator) վարկն ու վաստակը։ Ո՞վ է, որու գթակն է, ինչին աջ բազուկն է։
3- Համեմատէ Այլ Աղբիւրներու Հետ։
* Նայէ՛ արդեօք նոյն տեղեկութիւնը կը յայտնուի՞ բազմաթիւ եւ տարբեր լրատու աղբիւրներու մէջ։ Այսօր, ես եմ ըսողը դիւրաւ կրնայ թեթեւսոլիկ կայք մը կառուցել, ձրիաբար, վայրկեաններու մէջ, միւս կողմէ՝ բազմաթիւ հետեւորդ ունենալը հաւաստիութեան չափանիշ չէ, գիտնանք կայքերն ու էջերը արժեւորել։ Յիշենք որ հարթակի մը հետեւորդներու քանակը կարելի է վճարովի աւելցնել։
* Եթէ լուրը միայն մէկ կայքէ կամ էջէ կը տարածուի եւ եթէ անիկա անընդհատ կը կրկնուի, հաւանական է որ կեղծ ըլլայ։ Յիշենք, որ զզուեցուցիչ կրկնութեամբ ստախօսը կը հաւատայ ինքն իր սուտին։ Կան կայքեր, որոնք յաճախ իրենց անունը եւ պարունակը կը փոխեն. ճաշի բաղադրատոմսի էջ մը յանկարծ կը վերածուի ծայրայեղ կրօնական քարոզչամեքենայի։
* Փորձէ գտնել նաեւ միջազգային լրատու աղբիւրներու արձագանգը։ Մեծ թիւով ծոյլիկ լրատու կայքեր պատրաստի լուրեր կը քաղեն արհեստավարժ մասնագէտ լրագրողներէ, առանց սկզբնաղբիւր յիշելու, եւ ոչինչ կ’արգիլէ աղաւաղումը որոշ հոսանքի մը հաշուոյն, բացի խիղճէն։
4-Ուշադրութիւն Դարձո՛ւր Պատկերի եւ Տեսանիւթի Բնոյթին։
* Կեղծ պատկերները յաճախ կը պարունակեն անբնական լոյս, խեղաթիւրուած եզր կամ անհամապատասխան ստուեր։ Երբեմն ճշմարտութիւնը ծածկելու համար տեսանիւթը՝ գրութեամբ կամ պատկերով, մասնակի կամ ամբողջութեամբ քօղարկուած կ’ըլլայ, որպէս խմբագրման աժան/արագ ձեւ։
* Երբեմն տեսանիւթ մը կապ իսկ չ’ունենար վերնագրին, խօսուածին հետ, որոնց նաեւ կ’ուղեկցի տխեղծ երաժշտութիւն։ Այլանդակ տեսանիւթեր կրնան աւելի սիրուիլ իրենց անհեթեթ պարունակութեամբ, որպէս սին զուարճանք, կերտելով միլիոնաւոր դիտում, հակառակ ազդեցութեամբ (reverse psychology)։
* Տեսանիւթերը զննել՝ արդեօք ձայնն ու պատկերը համապատասխա՞ն են իրար, եւ արդեօք կա՞ն անսպասելի կտրումներ։ Կարեւոր է զգուշանալ արհեստական բանականութեամբ (AI) պատրաստուած նիւթերէ, որոնք յատուկ հմայք ունին եւ փորձառու աչքը անպայման կը զանազանէ բարելաւուածը (augmented reality) կոշտ իրականէն։ Արդէն պարզ է,
որ այլեւս կարելի է շարժում պարգեւել Մոնալիզայի ժպիտին ու եթէ պէտք է՝ պորտապար ալ պարեցնել (animation)։
5-Օգտագործէ՛ Առողջ Բարեկարգ Մտածողութիւն։
* Ինքզինքիդ հարց տուր. «Ո՞վ կը շահի այս լուրը տարածելով»։ «Ի՞նչ նպատակ ունի այս նիւթը՝ վա՞խ սերմանել, զայրացնե՞լ, թէ՞ ապատեղեկացնել»։ Եթէ CNN կամ BBC կայանն է աղբիւրը, ապա պէտք է ենթադրել կողմնակցութիւն ի շահ Իսրայէլի, եւ ի վնաս պաղեստինցիներու։ Գուցէ հակառակն ալ Al-Jazeeraի կայանէն ակնկալել։
* Բարեկարգ մտածողութիւնը (common sense) կ’օգնէ զտելու իրականութիւնը խտրական քարոզչութենէն։ Մեծ դեռ կը խաղայ խնդրոյ անձին տարիքը եւ սոցցանցային գիտելիքները։ Երիտասարդ սերունդը յարաբերաբար աւելի ճարպիկ է, գուցէ չի խաբուիր, բայց միւս կողմէ հեշտ է զիրենք ցանկայարոյց խայծով ներգրաւել, մոլի դարձնել։
* Ուսեալ մարդը խաբելը աւելի դժուար է, քան անբան ամբոխ մը, որ դիւրաւ կը բռնկի։ Կան անշուշտ մշակութային տարբերութիւններ, կրակոտ ազգեր կրնան ամէն ինչ թողուլ Աստուծոյ կամքին, պաղարիւն ազգեր աւելի շատ ու շուտ կ’ապաւինին գիտական տրամաբանութեան։
* Մարդ արարածը պահանջք ունի հաւաքականութեան մը մաս կազմելու բնազդաբար, ուստի բոլորին ըրածին հետեւիլը երբեմն անխուսաբելի է, բայց ոչ միշտ յանձնարարելի։ Զգուշանալ Նախիրի Մտածողութենէն (herd mentality). բոլորը կ’երթան ագարակ, դուն գնա հակառակ։
* Հանրային վաստակաւոր անձնաւորութիւններ յաճախ
կը չարաշահուին նենգ նպատակի մը համար. եթէ տեսանիւթի խօսնակը Jennifer Lopez-ն է, որ Հայաստան այցելեց, ըսել չէ որ անոր լաթինո լեզուէն մեղրոսկի ճշմարտութիւն կը հոսի, այս չարաշահման կ’ըսեն appealing to authority, ապաւինում հեղինակութեան։
6-Փաստաստուգում՝ Յայտնի Միջոցներով։
* Կան կայքեր ինչպէս Snopes, AFP Fact Check, եւ BBC Verify, որոնք բացատրութիւն կու տան կեղծ լուրերու ծագումին մասին։ Յիշենք,
որ ճշմարտութիւնը կրնայ փաստուիլ, բայց կարծիքը կը մնայ յարաբերական ըստ անհատի։
* Հայերէն միջավայրի մէջ փնտռել տեղական վստահելի մամուլի պաշտօնական էջերը. Իսթանպուլի «Մարմարա»-ն, Պէյրութի «Ազդակ»-ը, Գահիրէի «Արեւ»-ը, Քալիֆորնիոյ «Ասպարէզ»-ը, Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ը, հայրենի Հ1-ը եւ Բերիոյ «Գանձասար»-ը, որ սարին վրայ է անսասան։
* Գրառումի՝ յղումի մը պարունակութիւնը փոխելը շատ հեշտ է. ձեր ընթերցելէն վայրկեան մը ետք իսկ կրնայ լուրը անհետանալ, փոխուիլ, ջրուիլ։ Ո՞վ գիտէ, adminը գիտէ՝ մէկ ալ ցանցի հրոսները (hacker)։ Գաղտնիք մը չէ որ ռուս IT ոլորտի մասնագէտներ ազդու գործօն մըն էին Թրամփի ընտրարշաւի յաղթանակին։
7- Զգուշանալ՝ Երբ Լուրը Անվտանգութեան Կամ Ռազմավարութեան Մասին է։
* Պատերազմական բախումներու, կամ անվտանգութեան հարցերու պարագային, միշտ լուրը ստուգէ՛ առնուազն երկու անկախ աղբիւրներէ։ Իւրաքանչիւր ճակատ վերմակը իր կողմը կրնայ քաշել, յիշենք՝ անձ մը, որ մէկու մը համար ազգայնասէր ազատամարտիկ է, միւս կողմին համար՝ վայրագ ահաբեկիչ։ Չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, կան երեւոյթի մը տարբեր մեկնաբանութիւնները։ Թիւ 6-ը գլխիվայր կ’ըլլայ 9-ը։
* Ապտա՞կ էր, ո՛չ, այտը եկեր էր ափին։
* Իրար մի՛ անցնիր, լուրը անմիջապէս մի՛ տարածեր, որովհետեւ փշոտ լուրեր կրնան խուճապ առաջացնել յանգեցնելով վտանգաւոր որոշումներու։ Սուրիոյ Ազատագրական վառ օրերուն (Դեկտ. 2024), շուտիկութեամբ քաղաքէն ինքնաշարժով հեռացողներ մատնուեցան տհաճ կացութեան, ճամբաներու վրայ ժամերով՝ պաղուն՝ սպասեցին իրենց փոքրիկներուն հետ, վտանգի ենթարկուելով։ Անոնք գուցէ անսացին Զանգուածային Լրատու Միջոցներու (ԶԼՄ) անհիմն լուրերուն, որոնք
ի հարկէ կ’ազդեն մարդու հոգեբանական կշռոյթին վրայ, մանաւանդ երբ զաւկի ապահովութիւնն է տաք տապակի վրայ այրողը։ Թուրքը Հալէպ մտաւ, պիտի մորթէ մեզ…
* Ճգնաժամի ատեն, սահմանափակէ՛ լուրերու հարթակները, որոնցմէ տեղեկութիւն կը քաղես. հետեւէ լաւագոյններուն։ Զսպէ ներքին մղումդ անդադար ամէն ինչ երկար ժամերով դիտելու։ Յիշէ՛ որ ջղագրգռութիւնը կը տկարացնէ դիմադրողականութիւնը, պառճառելով լուրջ առողջապահական խանգարումներ։ Արցախեան տխուր տեղատուութեան դէպքերէն վշտացող գերզգայուն հայ երիտասարդի մը մօտ յայտնուեցաւ ինքնաանվարակելիութեան (auto-immunity) հիւանդութիւն մը։
8- Յիշէ՛. Կեղծ Նիւթը Կրնայ Ճշմարտութեան Նմանիլ։
* Որոշ կեղծ նիւթեր իրական մասնիկներ կ’օգտագործեն՝ ընթերցողը շփոթեցնելու համար։ Քայլը կու գայ ոչխարի բուրդ շալակած։ Եւ երբեմն մէկ ծայրը նիւթական շահ ապահովելու մարմաջ մը կ’ըլլայ։ Թայլանտական կարմիր կասկածելի թէյ մը լաւ է աղիքներու համար (ընդհանրապէս այո), եւ փաստուեցաւ որ աղիքի քաղցկեղ կը բուժէ (կեղծ)։ Անյապաղ գնենք, տես զեղջ ալ կայ վրայօք։
* Ընդմիշտ վերապահէ թեթեւ կասկածի զգացում եւ մի՛ ընդունիր լուրը իբրեւ անսակարկ ճշմարտութիւն։ Հարցո՛ւր տան երիտասարդներուն, օգտուէ՛ տարեցներու փորձառութենէն, համեմատէ գիտելիքդ ընկեր-դրացիներու հետ, կուրօրէն փոսը մի իյնար։
* Ութսունամեայ Նոր Գիւղցի տիկին Սոնան համոզուած է,
որ սպանական լօթո-բախտախաղէն դրամ շահած է, Ապրիլ 2-ին, աւետիսը messenger-ով ստացած է. իրմէ կը պահանջուի ուղարկել միայն 30 նշեալ դրամատնային հաշուին, որուն պիտի յաջորդէ 100 հազար տոլարի փոխանցում։ Ի դէպ, Ապրիլ 2-ին լօթո տեղի չէ ունեցած, իսկ Սպանիան ո՜ւր, Նոր Գիւղը ո՜ւր, կը գրէ «Նոր Յառաջ»։
9-Խրախուսէ Սթափ Մտածողութիւն Շրջապատիդ Մէջ։
* Եթէ կեղծ լուր նկատես, քաղաքավարօրէն բացատրէ՛ ընկերոջդ կամ ազգականիդ։ Ակնարկ մը գրէ՛ հակառակը փաստելու համար comment-ներու մէջ, աղբիւրի մը յղումով ճիշդը ապացուցէ՛ ակնդիրներուն։
* Ճշմարիտ տեղեկութիւն տարածելը ինքնին հասարակական ծառայութիւն մըն է։ Պատասխանատու լրագրողները աւելի ատակ են այս յանձնառութեան։ Ոչ միայն անհատին՝ այլեւ հանրութեան վերաբերող, ազգային թէ համաշխարհային հարցերու շուրջ ձեռնածալ չմնալ, վասն արդարութեան. օրինակ՝ ներկայիս կայծկլտող Կազզայի իրավիճակի երկբեւեռման հարցով։
Եզրակացութիւն
Ընկերային ցանցերու դարուն, ամենամեծ զէնքը ոչ թէ արագ արձագանգելն է, այլ՝ խոհեմ մտածելն ու ստուգելն է, առանց զգայուն շուտիկութեան։ Դիտէ՛, լսէ՛, յետոյ զննէ՛, դատէ՛, եւ ըստ այդմ կողմնորոշուէ՛։
Ճշմարիտ տեղեկութիւն տարածելը կը պաշտպանէ ոչ միայն քեզ, այլ նաեւ ամբողջ համայնքդ՝ ապատեղեկատուութենէ եւ խուճապէ։
Յարվարդ