ԱԿՆԱՐԿ
————–
Կազզայի շուրջ ընթացող քաղաքական առեւտուրներուն մէջ Թուրքիան հետեւողականօրէն կը փորձէ դեր վերցնել: Այստեղ սակայն առաջին հայեացքով տարակուսանք կը ստեղծեն Անգարայի հակաիսրայէլական եւ շեշտուած ձեւով պաղեստինամէտ դիրքորոշումները: Պարզ տրամաբանութեամբ, յստակ կողմնորոշում ունեցող եւ հակամարտող կողմերէն մէկուն ի նպաստ դիրք ճշդած պետութեան առջեւ կը դժուարանան միջնորդի կամ երաշխաւորի կարգավիճակ ստանալու փորձերը:
Այս դերը, այ՛ս եղանակով դժուար թէ Անգարան ինքնուրոյն վերցուցած ըլլայ: Թուրքիոյ նախագահը նախ կը խօսի Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումներու սաստկացման, ապա նոյնիսկ Թել Աւիւի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրման անհրաժեշտութեան մասին, ապա
կը յայտնէ, որ Կազզայի վերականգնման համար համակողմանի համակարգում եւ ներդրում անհրաժեշտ է՝ ընդգծելով, որ արդէն ձեռնարկած է ենթակառուցուածքային աշխատանքներու:
Յայտարարութիւններու այս շղթային մաս կազմող օղակ է նաեւ Թուրքիոյ նախագահին ելոյթը առ այն, որ Սուրիայէն մինչեւ Ուքրանիա կարելի չէ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատել առանց Թուրքիոյ: Ինքզինք խաղաղութեան ջահակիր եւ անշրջանցելի գործօն նկատած Թուրքիան  իր նախագահին ճամբով կ’ուզէ փոխանցել, որ առանց իրեն այսօր միջազգային որեւէ հաւասարակշռութիւն կարելի չէ ստեղծել: Նշուած է նաեւ աշխարհագրութիւնը՝ Սուրիայէն մինչեւ Կազզա, Պարսից ծոցէն մինչեւ Ռուսիա-Ուքրանիա:
Աշխարհագրական այս տարածականութիւնը ուշագրաւ է: Այս հաստատումին անմիջապէս կը յաջորդէ պաշտօնական Անգարայի հետեւեալ պատկերացումը յառաջիկայ գործընթացներուն. Թուրքիան մաքրել ահաբեկչութենէն եւ ապա տարածաշրջանը՝ նոյն վտանգէն:
Ահաբեկչազերծումը ուրեմն Անգարայի յայտարարած առաքելութիւնն է: Ահաբեկչութիւն արտահանած երկիրը  հիմա պիտի լծուի իր արտահանած արտադրութեան վնասազերծումին: Ակնարկը անշուշտ նախ քրտական գործօնին կը վերաբերի: Կը հետեւին լուրեր, որոնց համաձայն քիւրտ զինեալները կը հեռանան թրքական տարածքներէ: Այնքան միանշանակ պէտք չէ ընկալել այս միտումը: Կը թուի, որ քրտական գործօնը ամբողջականօրէն եւ միանգամայն պիտի չդադրի կրելէ իր խաղաթղթային կարգավիճակը:
Վերադառնանք սակայն Կազզա եւ այնտեղ նկատենք Պաքուի աշխուժացումը՝ մաս կազմելու տեղակայուելիք բազմազգեան զօրախումբերուն: Որոշ աղբիւրներ նոյնիսկ աւելի առաջ կ’երթան այս առումով՝ ըսելու համար, որ բազմազգեան ուժերը պիտի գլխաւորեն Ատրպէյճանն ու Ինտոնեզիան: Ահա այստեղ աւելի կը պարզուի թրքական մարտավարական խաղը:
Անգարան կը կոշտացնէ իր հռետորաբանութիւնը Իսրայէլի նկատմամբ, կ’առաջադրուի մաս կազմելու տեղակայուելիք զօրախումբերուն եւ առջեւ կը քշէ Ատրպէյճանը, որ խորացուցած է իր համագործակցութիւնը իր դաշնակից Իսրայէլի հետ:
Դերերու այս բաշխումի յայտարարողական երեսը երեւցաւ նաեւ Տոհայի մէջ, երբ Թուրքիա ներկայացաւ առաջին դէմքով, մինչ Ատրպէյճան՝ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Յստակ տարբերութիւն կար, նոյնիսկ հակասութիւն, Անգարայի եւ Պաքուի մօտեցումներուն միջեւ:
Աւելորդ պիտի չըլլար մտաբերել Ուաշինկթընի կեցուածքը առ այն, որ Կազզա տեղակայուելիք ուժերու բաղադրութեամբ հանգիստ պէտք է զգայ Թել Աւիւը: Թել Աւիւ հանգիստ է Պաքուով: Հակառակ երեւցած լարուածութեան, կրնայ հանգիստ զգալ նաեւ Անգարայով: Մանաւանդ եթէ այդ հանգստութիւնը երաշխաւորուի Ուաշինկթընով:
«Ազդակ»