Ռիատի մէջ ընթացող «Ներդրումներու Ապագայ Նախաձեռնութեան» իններորդ խորհրդաժողովի շրջագիծէն ներս, նախագահ աշ-Շարաա հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ ֆրանսական դրամատան (BSF) տնօրէն՝ Մազէն ալ-Ռումէիհի եւ «Ալ-Ինմա» դրամատան տնօրէն Ապտուլ Մալէք ալ-Հաքիլի հետ:

Հանդիպումին մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի, տնտեսութեան նախարար Նիտալ աշ-Շաար եւ ելեւմտից նախարար Մուհամմետ Պարնիէ։ Քննարկուեցան երկու երկիրներու դրամատանային եւ ելեւմտային գործակցութեան ընդլայնման միջոցները՝ ինչ որ կը խթանէ Սուրիոյ ներդրումային եւ բարգաւաճման նախագիծերը։

Ռիատ իր կեցութեան շրջանին, նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հանդիպեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ներդրումներու նախարարին, միջազգային շարք մը ներդրողներու,Ռիատի կաթնամթերքի «Ալ-մարաաի» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահին, Ֆութպոլի Միջազգային Դաշնութեան (ՖԻՖԱ) նախագահին,Սէուտական Արաբիոյ հեռահաղորդակցութեան ընկերութեան (STC) գործադիր տնօրէնին եւՀանրային ներդրումային հիմնադրամի փոխկառավարիչին։