Հայաստան ամենաբարձր մակարդակով հրաւիրած է Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ մասնակցելու Մայիս 2026-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին վերահաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի ՝Հայաստանի մէջ գումարելիք գագաթաժողովին Անգարայէն եւ Պաքուէն ներկայացուածութիւն պիտի ըլլա՞յ:

«Այո, մենք հրաւիրած ենք: Դեռ փաստաթղթային հրաւէրներ չենք ուղարկած, բայց բանաւոր հրաւիրած ենք՝ ամենաբարձր մակարդակով մասնակցելու», ըսաւ նախարարը:
Անդրադառնալով յստակեցնող հարցին՝ Ալիեւի՞ն և Էրտողանի՞ն՝ Միրզոյեան դրական պատասխան տուաւ:

Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի 8-րդ գագաթաժողովը տեղի կ՛ունենայ 4 Մայիս 2026-ին, Երեւան։