Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի 24-րդ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 26 Հոկտ. 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 20 լիազօր ներկայացուցիչներ եւ 5 խորհրդակցական ձայնով մասնակիցներ: Ներկայ էին Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ` ընկ. Վրէժ Եագուպեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, ընթացաւարտ Շրջ. Վարչութիւնը, Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդի ու խմբապետութեան, Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու, Շրջ. Վարչութեան յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, %Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչը եւ ժողովի հրաւիրեալները:
Ժողովի բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, ապա Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ` եղբ. Յարութ Օգճեան ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Կեդրոնական Վարչութեան ու պատկան մարմնին` Վարչութեան ծրագիրները իրագործելու գծով իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար։
Ժողովի դիւանի ընտրութենէն ետք, ընթերցուեցան մասնաճիւղերու վարչութիւններուն ամփոփ տեղեկագրերը եւ Շրջ. Վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը։
Ժողովին այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ.Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան ու իր հայրական օրհնանքը տուաւ ներկաներուն։ Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ը այսօր իր հինգ մասնաճիւղերով ու երկու միաւորներով կը գոյատեւէ շնորհիւ ազգասէր եւ անձնուէր միութենական քոյրերու եւ եղբայրներու։ Սրբազան հայրը ուժ ու կորով մաղթեց ժողովի մասնակիցներուն եւ յաջողութիւն` Միութեան յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն։
Այնուհետեւ քննարկուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անցնող երկամեայ գործունէութիւնը եւ գնահատուեցան իրագործուած աշխատանքները, ապա առաջարկներ ներկայացուեցան յառաջիկայ Շրջ. Վարչութեան:
Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ` ընկ. Վրէժ Եագուպեան խօսք առելով բարձր գնահատեց մարզական եւ սկաուտական ծիրէն ներս Միութեանս տարած աշխատանքը։ Ան մաղթեց, որ նորընտիր Վարչութիւնը յաճախակի այցելութիւններ կատարէ դէպի Տէրիք ու Հասիչէ` մօտէն հետեւելու համար նորակազմ միաւորներու գործունէութիւններուն։
Այնուհետեւ ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկամեայ նստաշրջանի նոր Շրջանային վարչութիւնը հետեւեալ պատկերով.-
Եղբ. Ծերուն Գահուէճեան
Քոյր Անի Մինասեան
Եղբ. Տիգրան Պալապանեան
Եղբ. Կարօ Ապաճեան
Եղբ. Աբիկ Խաչոյեան
Եղբ. Կարօ Մահսերէճեան
Քոյր Լիլիթ Տոլմողլեան
Եղբ. Սագօ Քէչէճեան (Լաթաքիա)
Եղբ. Յակոբ Հանէշեան ( Քեսապ)
Քոյր Անի Սարգիսեան (Գամիշլի)
Եղբ. Աւօ Աճէմեան (Դամասկոս)
Աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան գնահատեց շրջանաւարտ Շրջ. Վարչութեան աշխատանքը եւ շնորհաւորեց նորընտիր Վարչութեան անդամները։ Ան թելադրեց, որ յառաջիկայ շրջանին զարկ տրուի Միութեան քարոզչական աշխատանքներուն` արդիական միջոցներով ներկայացնելու շրջանիս լայնածաւալ գործունէութիւնը։
Ժողովը փակուեցաւ “Յառաջ նահատակ” քայլերգով։