Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան նախարար Նիտալ աշ-Շաաար դիմատետրի իր էջին վրայ արձանագրեց, որ Նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ տնտեսական ամուր ենթակառոյց մը հիմնելու գծով, նպաստելով Սուրիոյ եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն միջեւ կապերու ամրապնդման եւ ծառայելով երկրի վերականգնումին, ինչպէս նաեւ ազգային արտադրութիւններու աճին:
Նախարար Շաաար յայտնեց, որ Նախարարութիւնը արտադրողական հատուածները վերականգնելու եւ տնտեսական շարժումը վերաշխուժացնելու համար ժողովներ եւ հանդիպումներ կը կազմակերպէ, աւելցնելով որ. «Կարելի չէ աշխարհի տարբեր երկիրներէ օգտուիլ առանց անոնց հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու: Մենք այսօր այդ ուղղութեամբ քայլ կ’առնենք»:
Նախարարը շեշտեց, որ «տակաւին փոփոխութիւն չենք տեսներ» արտայայտութեամբ քննադատութիւնները չեն վերացներ գետնի վրայ թափուած ճիգերը, հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն: