26 Հոկտեմբերին Հայաստանի վարչապետը եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան մարզպետներ, համայնքապետներ, պատգամաւորներ, նախարարներ եւ ժողովուրդի զաւակներ մասնակցեցան Յովհաննավանքի մէջ պատարագի, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի կողմէ ճանչցուած էր անօրինական, որովհետեւ կարգալոյծ հռչակուած քահանային, աւազանի անունով Ստեփան Ասատրեանին կողմէ կը մատուցուէր։
Եկեղեցի գտնուող անձ մը Փաշինեանի ներկայութեան բացագանչեց, որ Ասատրեան իրաւունք չունի պատարագ մատուցելու, կարգալոյծ է, որուն անմիջապէս արձագանգեցին անվտանգութեան աշխատակիցները՝ անոր բերանը փակելով ու զինք քաշքշելով հեռացուցին եկեղեցիէն։
Յովհաննավանքի մօտ առաւօտեան ժամերէն հաւաքուած էին նաեւ ոստիկանական ուժերն ու ոստիկանապետը։
«Երկիր» վկայակոչելով Մայր Աթոռի շահերը ներկայացնող փաստաբան Արա Զոհրապեանի խօսքը յայտնեց, որ ոստիկանները Յովհաննավանք մեկնող երկու քահանայի բերման ենթարկած եւ ապա ազատ արձակած են միայն այն ատեն, երբ վստահ եղած են, որ եկեղեցի պիտի չմտնեն։
«Ազատութիւն»-ը յայտնեց, որ «Մինչ վարչապետ Փաշինեանը կարգալոյծ հռչակուած քահանայէն շնորհակալական խօսքեր կը լսէր, խումբ մը քաղաքացիներ Արա Զոհրապեանը եւ թեմի հոգեւորականներէն հայր Շնորհք Աբղ. Փալոյեանը արգիլեցին եկեղեցի մտնել աղօթելու համար»։
Առաւօտեան կարճ տեսանիւթ մը հրապարակելով Փաշինեան յայտարարեց, թէ Յովհաննավանքի պատարագը՝ իր խօսքով «Մայր Աթոռի ազատագրման գործընթացի գործնական փուլի մեկնարկը կը խորհրդանշէ»:
Իսկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին, կաթողիկոսի թափօրի շարքերուն մէջ էր կարգալոյծ հռչակուած քահանային եղբայրը՝ Անուշաւան Սրկ. Ասատրեան, որ «Ազատութիւն» կայանի փոխանցմամբ լրատուամիջոցներու համաձայն, շարք մը հոգեւորականներու հետ զրոյցներու ընթացքին եղբօր քայլերը անընդունելի համարած է։