Պահ մը կանգ ա՛ռ… եւ խորհէ՛։
Մեր մարմնի արտաքին ծածկոյթին մէջ կը թաքնուի իմաստութիւն մը, որուն յաճախ չենք գիտակցիր։
Մաշկը…
Այն կենդանի զրահը, լուռ պահապանը։
Ան չի թողուր, որ ամէն բան ներս մտնէ։
Կը ճշդէ սահմաններ, կը բաժնէ արտաքինն ու ներքինը,
կը պաշտպանէ առանց փակուելու։
Երբ խոցուի, չի պահեր ցաւը, բայց չի կոտտար անվերջ։
Կը սորվի, կը վերականգնի եւ
կը պահէ յուշը՝ սպին, առանց ընկճուելու, ամօթ զգալու։
Իսկ մե՞նք…
Քանի՞ անգամ թոյլ տուինք, որ ամէն ինչ ներս անցնի։
Քանի՞ անգամ կորսնցուցինք մեր սահմանները եւ դարձանք բաց բոլորին դիմաց։
Մաշկը մեզ կը սորվեցնէ՝
Թէ պաշտպանուիլ չի նշանակեր փակուիլ, իսկ բաց ըլլալ չի նշանակեր վիրաւոր մնալ։
Կը յիշեցնէ նաեւ, թէ ապաքինումը կարելի է՝ ինչքան ալ վէրքը խորունկ ըլլայ։
Եւ այսպէս…
Մեր մաշկը զննելով կը գտնենք իմաստութիւն մը, որ կը պարզէ, թէ կեանքը ամէն պարագաներու տակ կը շարունակուի աննահանջ հոսքով։
Թոքերը դուրս կը մղեն անցանկալին,
Մաշկը կը պաշտպանէ անցանկալիէն,
Եւ կեանքը… կը շարունակուի։
Սեպուհ Պապիկեան