Նոյն ցեխոտ փողոցները։ Նոյն աղմկոտ առտուները։
Սեւակ ու Արայիկ՝ մանկութեան ընկերներ, աշխարհը կը չափէին իրենց փոքրիկ քայլերով։ Գնդակ կը զարնէին պատերուն, կը մագլցէին կտուրներ, ինչ-որ գաղտնի արքայութիւններ։
Իրար խաղի կանչելու համար ունէին գաղտնաբառ մը՝ – Է՛ օ՜…: Եւ անդին, ստուերներուն մէջէն կը լսուէր պատասխանը՝ – Օ՜ օ՜։
Ձայներ էին, որոնց մէջ աշխարհ մըն էր ամփոփուած՝ առանց մեծահասակներու մուտքի իրաւունքի։
Երբ Արայիկին հայրը, տարիներու գործազրկութենէ ետք, արտագաղթի հնարաւորութիւն մը ստացաւ, ընտանիքով մեկնեցաւ։ ժամանակաւոր էր, դարձաւ մշտական։ Ընկերութեան կապը խզուեցաւ։ Չկային նամակներ։ Չկար ձայն։ Սեւակ մնաց անխաղընկեր, անձայն:
Անկատար մանկութիւն մըն էր, որ մնաց այդ ցեխոտ կեդրոնական պողոտային անկիւնը։
Կեանքը իր հունով շարունակեց։ Սեւակ համալսարան ընդունուեցաւ, ապրեցաւ մօր հետ։ Հայրը՝ լուռ հողագործ մը, կանուխ մահացաւ։ Իր անակնկալ բացակայութիւնը՝ որպէս ծանր շունչ մը, իջաւ տան պատերուն։ Այդ օրէն Սրբուհին՝ Սեւակին մայրը, փակուեցաւ իր լռութեան մէջ։ Սեւակ՝ նոյնպէս։
Ճշմարտութիւնը այն էր, որ մայր ու որդի, աւելի սերտ չեղան՝ այլ՝ հեռացան։ Իւրաքանչիւրը սկսաւ լռել՝ ըստ իր եղանակին։ Մայրը՝ խոհանոցով։ Որդին՝ ուսումով։
Խօսքերը մաշեցան։ Լռութիւնները՝ երկարեցան։ Տունը պահպանուած էր, կապը՝ ո՛չ։
Երբ ամիսներ անց Սրբուհին գիշերային գործ մը ստանձնեց քաղաքի ծայրամասի մը մէջ: Սեւակ չհարցուց։ Զգացած էր՝ իւրաքանչիւրը իր խեղդուելու ձեւը ունի։
Տարիներ անց, հեռաձայնը հնչեց։
– Սեւա՛կ… Արայիկն եմ։ Վերադարձած եմ։
Ձայնը ճանչցաւ։ Ժպտեցաւ։
Հանդիպումը եղաւ յիշատակներով լեցուն։ Հին խաղեր, հին կատակներ։ Բայց Սեւակը կը զգար՝ Արայիկին ժպիտը նոյնը չէր։ Ոչ ձայնը։ Ոչ շարժումները։
Օր մը, Արայիկ լրջացաւ։
– Internet-ով կնոջ մը ծանօթացած եմ։ Դեռ երեք շաբաթ առաջ։ Բարեկամ մը ծանօթացուց մեզ իրար։ Ինքը մեր կողմերէն է, այրի մըն է։ Տարիքով մեծ, բայց բարի։Կ’ուզեմ փորձել։ Չեմ ըսեր՝ կեանքս պիտի փոխէ, բայց ի՞նչ կը կորսնցնեմ, չէ՞ ։ Կ’ուզեմ ծանօթացնել ձեզ։
Սեւակը օրերով մերժեց։ Ի վերջոյ՝ համաձայնեցաւ։
Քաղաքէն դուրս, տան մը առջեւ՝ Արայիկ ըսաւ.
– Դուն ներսը սպասէ։ Երթամ առնեմ զինք։
Սեւակը նստեցաւ։ Ժամացոյցը իր ձանձրալի զարկերով կը ճեղքէր գիշերուայ լռութիւնը։ Քամին վարագոյրը շարժեց։ Ու հոն՝ մութին շուք մը։ Քայլերը ծանր, շարժումը՝ ծանօթ։ Արայիկ կը մօտենար՝ կինը հետը։
Ու այն պահուն, երբ աչքերն անգամ չուզեցին հաւատալ, Սեւակը տեսաւ։
Սրբուհին էր։ Իր մայրը։ Գիշերային հագուստով։ Շպարուած։ Յարդարուած։ Բայց՝ ուրիշ։
Սեւակը սառեցաւ։ Չխօսեցաւ։ Չգոռաց։ Չհարցուց։ Փախաւ՝ ոչ որպէս բարկացած, այլ որպէս մեղսակից։
Քամին ներս կը սահէր բաց պատուհանէն, եւ հովին մէջ՝ ձայն մը՝ մանկութեան խորքերէն կը ճեղքէր օդը.
– Է՛ օ՜…
Սարգիս Քէլ Խաչերեան