Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2025-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտերու ու մտահոգութիւններու փոխանակման՝ Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ու Հայաստանի հետ աղերս ունեցող հարցերու շուրջ։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու իր թեմերուն եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ տակաւ աճող գործակցութիւնը, միաժամանակ գնահատեց Հայկազեան Համալսարանին կողմէ տարուող կրթական աշխատանքը։