Շաբաթ, 11 Հոկտեմբերին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) դեսպան Ռուբէն Խարազեան իր հաւատարմագրերու պատճէնները յանձնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանիին։ Այս մասին կը յայտնէ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, ինչպէս նաև երկու երկիրներու համագործակցութեան խորացման և զարգացման հեռանկարներն ու ոլորտները:
Դեսպան Խարազեան զրուցակիցին ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը՝ նշելով, որ ան մեծապէս կը նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան և կայունութեան հաստատման:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Հայաստանի այս քայլը եւ յաջողութիւն մաղթած այս գործընթացին: