ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆ
———————————-
Ասօր Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է։
Երբ Ս.Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս Հայոց գիրերը ստեղծեցին եւ թարգմանական աշխատանք սկսան, նախ Սողոմոնի «Առակաց» գիրքէն հետեւեալ նախադասութիւնը թարգմանեցին․
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:

Այս նախադասութիւնը լոյս մը կը վարէ մեր մտքերուն մէջ, որպէսզի ճանչնանք իմաստութիւնը եւ խրատը՝ Աստուծոյ խօսքին, գիր ու գրականութեան, աղօթքի եւ ընթերցումի ընդմէջէն։ Եթէ խորանանք այս նախադասութեան իմաստին մէջ, պիտի ըմբռնենք, թէ ինչքա՛ն կարեւոր էր գիրերու գիւտը՝ զարգանալու, իմաստանալու եւ հայէրէնով կարդալ-գրելու համար։

Ներկայ երիտասարդները, ընդհանրապէս, բջջայինի աշխարհով աւելի հետաքրքրուած են, քան կարդալով ու իրենց միտքն ու բառապաշարը զարգացնելով, թէկուզ ելեկտրոնային գիրքերով։

Երիտասարդներ կը ծուլանան գրիչ շարժելու, նոյնիսկ համակարգիչի կամ բջջային հեռաձայնի վրայ հայատառ գրելու։ Ոմանք ինքնավստահ չեն իրենց գիտելիքներէն եւ ուղղագրական սխալէ կամ թերի ոճով գրելէ կը խուսափին,ուրիշներ համբերանք եւ տրամադրութիւն չունին մտածելու եւ գրելու։

Բայց կ՛արժէ այս տօնին առիթով բան մը փոխել մեր մէջ, քայլ մը առնել դէպի հայութիւն, հայ գիրք․ ընթերցել, գրելու վարժութիւն ունենալ եւ այլն։ Ու պիտի տեսնէք, թէ ձեր միտքը ինչպէ՛ս պիտի բացուի ու սլանայ դէպի անսահման գիտելիքներու աշխարհ։
Փոքր տարիքէս կը հետաքրքրուէի գիրքերով, կը կարդայի հեքիաթներ եւ կը փորձէի ես ալ գրել կամ գծել կերպարներ։

Չյուսահատեցայ, գրեցի կարճ պատմութիւններ։ 10-րդ կարգ էի, երբ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիս քաջալերեց եւ առաջարկեց գրել ու թափել, գրել ու թափել մեր գրածը, մինչեւ որ բարելաւուի մեր գրիչը եւ կարենանք գոհանալ մեր գրածով ու կարդանք զայն։

Դասատուիս յորդորին հետեւեցայ, սկսայ զարգացնել գրիչս ու կարդալ։ Երբ դասարանին մէջ շարադրութիւնս կը կարդայի դասընկերներուս դիմաց ու միասին կը քննարկէինք գրութեան ոճը, նիւթը եւ այլն, հպարտութիւն մը կը զգայի փոքրիկ քայլ մը առած ըլլալուս համար։ Կը մասնակցէի նաեւ միջդպրոցական շարադրութեան եւ ընթերցման մրցումներուն։

7-րդ կարգ էի, երբ Համազգայինը յայտարարեց, որ ասմունքի դասընթացք պիտի կազմակերպէ։ Մասնակցեցայ ուրախութեամբ։ Մեզի սորվեցուցին բեմի վրայ կանգնած ասմունքել՝ ապրումով եւ ինքնավստահութեամբ։ Շնորհակալ եմ Համազգայինին, որ նման առիթ տուաւ բեմ բարձրանալու։

Աւարտելով երկրորդական ուսումս, որոշեցի Հայագիտական հիմնարկի քառամեայ դասընթացքին հետեւիլ, որպէսզի զարգացնեմ լեզուս, գրիչս եւ գիտելիքներս։ Շատ կը փափաքէի որ գրութիւններս լոյս տեսնեն նաեւ «Գանձասար»-ի մէջ, որպէսզի միտքերս բաժնեկցիմ ուրիշներու հետ։

Դասընկերներս ալ կը քաջալերեմ որ կարդան, գրեն, անսխալ հայերէնով խօսին, որպէսզի իրենց արմատներէն չհեռանան։
Փորձենք ճանչնալ իմաստութիւնը, մեր լեզուն, մեր արմատները։ Թարգմանչաց տօնը աշխարհի բոլոր հայերուն տօնն է, որպէսզի ուր ալ ըլլան՝ Հայաստան թէ այլ վայրեր, հայերէնով ստեղծագործեն ու հայերէնը պահպանեն ու հարստացնեն։

Նայիրի Բարսեղեան