Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը «X»-ի իր էջին վրայ գրառումի մը միջոցով ողջունեց Կազզայի մէջ զինադադարի հաստատումը՝ ըսելով. «Կ՚ողջունենք Կազզայի մէջ հաստատուած հրադադարի համաձայնագիրը, որ ձեռք բերուած է Տանիլտ Թրամփի գլխաւորած միջնորդներու անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ: Յոյսով ենք, որ այս համաձայնագիրը ճանապարհ կը հարթէ Մերձաւոր Արեւելքի երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար»։