Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Տուշանփէի մէջ ԱՊՀ գագաթաժողովի շրջագիծէն ներս քննարկած են խաղաղութեան ճամբով ընթանալու հարցերը։

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը, այս մասին տեղեկացուցած է ԱՊՀ գլխաւոր քարտուղար Սերկէյ Լեպեթեւ։

«Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը քննարկած են հարցեր, թէ հետագային ինչպէ՞ս պիտի գործեն խաղաղութեան, անվտանգութեան ճամբով», ըսած է Լեպեթեւ։