Ուաշինկթըն-ՍԱՆԱ- ԱՄՆ Քոնկրէսի հանրապետական ներկայացուցիչ Ճո Ուիլսըն յայտարարեց, որ ԱՄՆ Քոնկրէսը այսօր քուէարկած է նախկին վարչակարգի կառավարման ընթացքին Սուրիոյ նկատմամբ կիրառոպած «Կեսարի օրէնքը» չեղարկելու օգտին: Ուիլսըն X հարթակի վրայ իր գրառման մէջ ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քոնկրէսին «Կեսարի օրէնք»-ը չեղարկելու համար՝ որպէս Ազգային պաշտպանութեան լիազօրման մասին օրէնքի մաս: Այս խիստ պատժամիջոցները կիրառուած են այն վարչակարգին նկատմամբ, որ, բարեբախտաբար, այլևս գոյութիւն չունի, և Սուրիոյ յաջողութիւնը այժմ կախեալ է անոր լիակատար չեղարկումէն»:
Ներկայացուցիչ Ուիլսըն 21 Սեպտեմբերին «Ալ-Արապիա ալ- Հատաս»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ «Կեսարի օրէնք»-ի պատժամիջոցներու լիակատար չեղարկումը կը վայելէ Քոնկրէսի երկու կուսակցութիւններու (հանրապետականներու և դեմոկրատներու) ներկայացուցիչներու աջակցութիւնը:
Ուիլսըն և սուրիական-ամերիկեան դաշնութիւնը նախապէս կոչ ուղղած էին ԱՄՆ Քոնկրէսին չեղարկելու Սուրիոյ նկատմամբ «Կեսարի օրէնք»-ին համաձայն սահմանուած պատժամիջոցները: Ուիլսըն 6 Սեպտեմբերին իր X-ի էջին գրած էր. «Քոնկրէսը պէտք է աջակցի ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին և ընդունի «Կեսարի օրէնք»-ի համապարփակ չեղարկման մասին բանաձեւ»: