Երկուշաբթի, 6 Հոկտեմբերի գիշեր, Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ շրջաններուն մէջ ուժգին հրաձգութիւն, ռմբակոծում եւ բախում սկսաւ ՔԱՍԱՏ-ի ենթակայ քրտական ներքին ապահովական ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ։
Բախումը տեւեց մինչեւ կէս գիշեր, ապա կրակմար յայտարարուեցաւ։
Բախման երկու կողմերէն զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան։ Շրջանին կից գտնուող հայաբնակ թաղամասերուն մէջ վիրաւորներ կամ զոհեր չարձանագրուեցան։
Սարսափազդու այդ ժամերուն, մարդիկ իրենց բնակարանները քաշուեցան։
Յաջորդ օրը Հալէպի նահանգապետարանը յայտարարեց, որ «մեկնելով երկրի ապահովական վիճակէն, Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2025-ին, Հալէպի բոլոր վարժարանները, համալսարաններն ու պետական հաստատութիւնները փակ կը մնան, իսկ քննութիւնները կը յետաձգուին։ Բացառաբար իրենց ծառայութիւնը
կը շարունակեն հիւանդանոցներն ու շտապ օգնութեան կեդրոնները»:
Նոյն օրը Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ ապու Քասրա պաշտօնապէս յայտարարեց հետեւեալը. «Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցայ ՔԱՍԱՏ-ի ղեկավար Մազլում Ապտիի հետ եւ համաձայնեցանք Սուրիոյ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններու ռազմական բոլոր կեդրոններուն մէջ համընդհանուր զինադադար յայտարարել»։
Սուրիական կողմը յայտարարեց, որ կացութիւնը սրելու նպատակ չունի, կը ջանայ պաշտպանել բնակչութիւնը եւ անոր ապահովութիւնը, հաւատարիմ կը մնայ 10 Մարտին Սուրիոյ նախագահին եւ զօր. Մազլում Ապտիի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրին։
Համաձայնագիրը կ’ընդգծէր, որ ՔԱՍԱՏ-ի ուժերը պիտի համարկուին սուրիական բանակին մէջ, քիւրտերը պիտի վայելեն մշակութային իրենց իրաւունքները, պիտի պահպանուի Սուրիոյ միասնութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։