Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ յատուկ դեսպանորդ Թոմաս Պարաքը եւ ԱՄՆ կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար, ծովակալ Պրետ Քուփըրը: Հանդիպման մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանի, պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ ապու Քասրա եւ գլխաւոր հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Հուսէյն աս-Սալամա: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ վերջին զարգացումները, քաղաքական գործընթացին աջակցելու եւ ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղիները, ինչպէս նաև 10 Մարտի համաձայնագրի իրականացման մեքանիզմները՝ յանուն Սուրիոյ միասնութեան ու ինքնիշխանութեան պահպանման: