Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2025-ին Սուրիոյ ընտրական տեղամասերուն մէջ սկսան ընտրական խորհուրդներուն կողմէ խորհրդարանի անդամներու ընտրութիւնները, համաձայն անցումային շրջանի նախագահական 2025 տարուան 66-րդ հրամանագրին։
Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններու Բարձրագոյն Յանձնաժողովը յայտարարեց Սուրիոյ տասը նահանգներու մէջ ընտրական խորհուրդներու կողմէ տեղի ունեցած քուէարկութիւններուն վերջնական արդիւնքները, դիտել տալով որ բողոքարկումներ չեն արձանագրուած:
Յանձնաժողովի բանբեր Նաուար Նաճմէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յանձնաժողովը պիտի խորհրդակցի նաեւ՝ Սուէյտայի, Հասիչէի եւ Ռաքքայի մէջ ընտրութիւններու մեքանիզմին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրիոյ Հանրապետութեան բոլոր նահանգներուն մէջ ընտրութեան գործընթացը ամբողջացնել, աւելցնելով, որ յիշեալ երեք նահանգներուն մէջ ընտրութիւնները կախեալ են քաղաքական եւ ապահովական պայմաններէն:
Նշենք, որ խորհրդարանի անդամներու թիւը պիտի ըլլայ 210։ Ընտրական խորհուրդները պիտի ընտրէին 140 երեսփոխան, սակայն երեք նահանգներու մէջ ընտրութիւններ տեղի չունեցան, ուստի ընտրուեցան 119 թեկնածուներ, մնացեալ նահանգներու 21-ին աթոռները կը մնան թափուր։ Նախագահը պիտի նշանակէ 70 երեսփոխան։

Այս առումով, Նաճմէ յայտնեց, որ «Անկախ ընտրական խորհուրդներու աշխատանքէն, Սուրիոյ նախագահը լիազօրութիւն ունի նշանակելու 70 անդամներ, որոնք կրնան ըլլալ նահանգներու ընտրական խորհուրդներու անդամներէն կամ այլ քաղաքացիներ»:
Անդրադառնալով քրիստոնեաներու, փոքրամասնութիւններու եւ իգական սեռի ներկայացուածութեան, Նաճմէ նկատել տուաւ, որ «անոնց ներկայացուածութիւնը ձգտումներուն համապատասխան չէր», դիտել տալով որ միայն 2 քրիստոնեայ թեկնածուի ընտրութիւնը սահմանափակ ներկայացուածութիւն է՝ համեմատաբար սուրիական ընկերութեան մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան: Ան յայտնեց նաեւ, որ ընտրութիւններուն բացասական կողմերէն մէկն ալ իգական սեռին համեստ ներկայացուածութիւնն է, այս բոլորը վերագրելով համաձայնութիւններու բնոյթին եւ ընտրութեան մեքանիզմին, ո՛չ թէ գիտակցութեան կամ զօրակցութեան նուազումին։

Նաճմէ եզրափակելով ըսաւ. «Այսօր պէտք է շրջանցենք կոթաներու (մասերու-«Գ.») եւ բաղադրիչներու հասկացութիւնները եւ ձգտինք ներգրաւել ունակ մարդիկ, որովհետեւ այս փուլին Սուրիան կարիք ունի սուրիական ընկերութեան վաստակաւոր անձերու արդիւնաւէտ ներդրումին, ոչ թէ ընկերութեան բաղադրիչներու մակերեսային ներկայացուածութեան»։