1967-էն ի վեր, առաջին անգամ Սուրիոյ նախագահը՝ այս պարագային Ահմետ աշ-Շարաա, հրաւիրուեցաւ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին։ Այս պատմական ներկայութիւնը կը խորհրդանշէ Սուրիոյ վերադարձը միջազգային քաղաքականութեան կեդրոն՝ երկարատեւ մեկուսացումէ ետք։
Ելոյթի ընթացքին նախագահը ներկայացուց երկրին մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումը եւ նոր իշխանութեան քաղաքական ուղեգիծը։ Ան շեշտեց, որ Սուրիա, իր յաղթանակով, ճգնաժամեր արտածող երկրէն վերածուած է կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար պատմական առիթ ստեղծող ուժի մը։
Նախագահ Շարաա յայտարարեց, որ Սուրիա պատրաստ է վերականգնելու յարաբերութիւնները արեւմտեան եւ արաբական երկիրներու հետ՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ ազգային շահերու վրայ։ Վերջին տարուան ընթացքին արտաքին յարաբերութիւններու աշխուժացումը
վկայութիւնն է իշխանութեան ջանքերուն երկիրը չներքաշելու տարածաշրջանային ճգնաժամերու մէջ եւ նպաստելու  տարբեր կողմերու հետ դրական գործակցութեան։
Տասնհինգ տարուան պատժամիջոցները խորապէս քայքայեցին Սուրիոյ տնտեսութիւնը՝ ստեղծելով գործազրկութիւն, տնտեսական տագնապ եւ բնակչութեան կենսամակարդակի անկում։ Ժողովուրդը այս տարիներուն զրկուած էր արտաքին աշխարհի հետ հաղորդակցութենէ եւ կենսական ծառայութիւններու հասանելիութենէ։ Այս մեկուսացումը արգելք եղաւ նաեւ ներդրումներու հոսքին եւ միջազգային կողմերու հետ գործակցութեան։
Նախագահը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ չեղարկելու պատժամիջոցները եւ նպաստելու Սուրիոյ վերակառուցման։ Ուստի պատժամիջոցներու չեղարկումը, երկրի դիւանագիտական աշխուժացումը եւ իշխանութիւններու ներքին երկխօսութեան խթանումը կրնան դառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամուր խարիսխներ, եթէ արդիւնաւորուին գործով։
Շարաաի ելոյթը կը ներկայացնէ Սուրիոյ նոր ուղին՝ բաց, խաղաղասէր եւ համագործակցութեան ձգտող։ Միջազգային հանրութիւնը այժմ կը կանգնի ընտրութեան առջեւ՝ շարունակե՞լ մեկուսացումը, թէ՞ նպաստել վերակառուցման եւ կայուն ապագայի։
Սուրիա, միաժամանակ, պարտի լաւագոյնս օգտագործել այս առիթը՝ ներքին դժուարութիւնները յաղթահարելու, տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու եւ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչները ներգրաւելու վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ։
Նախագահը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Սուրիա հարուստ քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի երկիր է, հետեւաբար արժանի է դառնալու օրէնքի երկիր, ուր բոլորին իրաւունքն ու ազատութիւնը պաշտպանուած պիտի ըլլան։ Հիմնական մարտահրաւէրը կը մնայ ներքին հարցերու լուծումը երկխօսութեան ճամբով՝ կանխելու երկրի մասնատման վտանգը եւ ապահովելու սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը երկրի վերակառուցման աշխատանքներուն՝ ամէն մակարդակներու վրայ։