Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, Ս. Գէորգ զօրավարի տօնի նախօրեակին, Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Ղնեմիէ հայկական աւանի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան։ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան։
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը։

Այս առիթով, յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։ Քարոզին ընդմէջէն ան անդրադարձաւ հաւատքի կարեւորութեան, դիտել տալով, որ այնպէս ինչպէս սուրբերն ու մարգարէները հաստատ մնացին Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին վրայ, նոյնպէս Ս. Գէորգ զօրավար, դէմ դնելով բոլոր չարիքներուն, պահեց իր հաւատքը մինչեւ վերջ։
Հայր սուրբը անդրադարձաւ երկու տեսակ հաւատքի։ Առաջինը՝ գործնական հաւատքն է, որ բարեգործութիւն կատարելով կ՚արտայայտուի։ Երկրորդը այն հաւատքն է, որ մեղքին եւ չարին դէմ բարի պատերազմ մղելով կ՚արտացոլայ, այնպէս ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսած է։
Հայր սուրբը Ս. Գէորգի հաւատքին եւ վարքին անդրադառնալով հրաւիրեց բոլորը հաստատուն մնալու Տիրոջ հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին վրայ։
Հայր Սուրբը Սրբազան Հօր հայրական օրհնութիւնն ու ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն եւ գնահատեց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը եւ օժանդակ մարմինը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար։
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս աւանդական մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք կատարուեցաւ։