Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի համագործակցութեամբ, 12 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի երկերու առաջին հատորի շնորհանդէսը։
Հատորը նուիրուած է Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Զայն կազմած է գրականագէտ Արմէն Մանուկեանը, խմբագրած՝ Լուսինէ Աւետիսեանը։
Շնորհանդէսը կազմակերպուեցաւ գրականութեան հիմնարկի դահլիճէն ներս, ուր ներկայ էին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անդամներ, Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատողներ,  դոկտորներ ու գրողներ։
Ձեռնարկը բացուեցաւ Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Հերիքնազ Որսկանեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան ներկաները շնորհաւորեց գիրքի լոյս ընծայման առիթով՝ շեշտելով Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան դերը այս կարեւոր աշխատանքի իրականացման մէջ։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը ներկաներուն ուղղեց Համազգայինի ԿՎ ատենապետ Զաքար Քէշիշեան։
Նիկոլ Աղբալեան մտաւորականի գործունէութեան եւ նորընծայ հատորին անդրադարձան Համազգայինի ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահպազեան, լիբանանահայ վաստակաշատ մանկավարժ Տիգրան Ճինպաշեան, գրականագէտներ՝ Արմէն Մանուկեան, Արշալոյս Գալստեան, Աւիկ Իսահակեան, Լուսինէ Աւետիսեան, Պետրոս Տէմիրճեան, Սուսաննա Յովհաննիսեան եւ Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութեան տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան։
Անոնք իրենց խօսքին մէջ կարեւոր համարեցին գիրքի ծնունդը՝ նշանաւորելով զայն որպէս յարգանքի տուրք հայ մեծանուն մտաւորական, հասարակական, քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին։ Ասիկա մէկ այլ առիթ էր անդրադառնալու անոր թողած ժառանգութեան եւ անոր գործունէութեան՝ կրթութեան, գիտութեան, ազգային դաստիարակութեան ասպարէզներէն ներս։
Ճշմարիտ ու գաղափարական հայը կանգնած է նաեւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցի ստեղծման ակունքներուն մէջ։ Կառոյցի մը, որ թէ Սփիւռքի եւ թէ Հայրենիքի մէջ միշտ եղած է ազգային ինքնութեան պահպանման առանցքին եւ նոյն առաքելութեամբ շարունակած է իր գործունէութիւնը։
Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակ