Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը այսօր հրապարակեց պաքալորիայի պետական քննութիւններու արդիւնքները: Գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսը հասած է 75, 5%-ի, իսկ գրական բաժինինը՝ 54,9%-ի:
Կրթութեան նախարար Մուհամմետ Թուրքո հաստատեց, որ արդիւնքները հրապարակուած են նախարարութեան պաշտօնական էջերուն վրայ: Քննութիւններուն մասնակցած են 354,075 աշակերտ-աշակերտուհի: Նախարարը աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիոյ վարժարաններէն մասնակցողներու գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսը հասած է 75,5%-ի, գրական բաժինինը՝ 54,9-ի, իսկ անկախ մասնակցողներու յաջողութեան տոկոսը՝ 55,6%-ի։