Հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Շաբաթ, 30 Օգոստոս 2025-ին, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատուռէն ներս կատարուեցաւ նոր հանդերձներու, երեք վարագոյրներու, սպասներու, աղի, խունկի, ձէթի եւ ջուրի օրհնութեան արարողութիւն։
Արարողութեան ներկայ էին Լատին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Տէր Լուէյ Պշարաթ եւ Տէր Ղուկաս Մեսրոպ, ինչպէս նաեւ Արժ. Տէր Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան եւ Լիբանանէն ժամանած Արժ. Տէր Գրիգոր Քհնյ. Եղիայեան։ Ներկայ էին նաեւ մեծաթիւ ուխտաւոր հաւատացեալներ։

Արարողութենէն ետք, Հայր Սուրբը եկեղեցական շապիկով պատուեց տիար Քէրովբէ Եագուպը, որպէս ժամկոչ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար։