Սուրիոյ ելեւմուտքի նախարար Մուհամմետ Եըսըր Պարնիէ հաստատեց, որ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկման մասին ԱՄՆ վարչակազմի զոյգ քայլերը կարեւոր են եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան սուրիական արդիւնաբերութեան, ելեւմուտքի եւ դրամատնային հատուածներուն վրայ:

Նախարարը յայտնեց, որ առաջին քայլը ԱՄՆ Ելեւմուտքի Նախարարութեան 2004-ին ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներուն Սուրիոյ նկատմամբ սահմանած պատժամիջոցներու չեղարկումն էր, իսկ միւսը՝ նոյն նախարարութեան ամերիկեան ապրանքներու Սուրիա արտածելու արտօնութիւնը:

Նախարար Պարնիէ դիտել տուաւ, որ ամերիկեան արհեստագիտութեան Սուրիա հասանելիութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ունի, յատկապէս, որ արհեստագիտական յառաջացումը արդիւնաբերական ոլորտը պիտի զարգացնէ ու թափ տայ անոր, հետեւաբար իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ այս ոլորտին վրայ, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի եւ դրամատնային ոլորտներուն վրայ՝ արդիական միջոցներու եւ համակարգերու օգտագործումով: