Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, կը շարունակեն արդիական մնալ։ Այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ այսօրուան իր ճեպազրոյցի ընթացքին։ Մեկնաբանելով Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթերը՝ Զախարովա նկատել տուած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ գործընթացները պէտք է կրեն կայուն, երկարաժամկէտ բնոյթ, հաշուի առնեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու ե անոնց դրացիներու շահերը: «Արտատարածաշրջանային խաղցողներու ներգրաւումը պէտք չէ բորբոքէ տագնապները եւ նոր բաժանարար գծեր ստեղծէ», յայտնած է դիւանագէտը։
Զախարովա անդրադառնալով 9 Նոյեմբերի Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրին, նկատել տուած է որ Ռուսիան Ատրպէյճանի հետ հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու համար Հայաստանի տարածքով ուղեւորներու եւ բեռներու տարանցման արտատարածքային դրութիւն չէ առաջարկած:
«Հաշուի առնելով Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ հասարակաց տարածքը` նման դրութիւն նոյնիսկ տեսական մակարդակի վրայ չէր կրնար քննարկուիլ», ըսած է ան: